6 Հունիսի, 2018

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. ԳԱՐՈՒՆ ԷՐ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնդարամի 24-րդ հրատարակութիւնը՝ «Գարուն էր…» վերնագրեալ։ Գործին հեղինակն է Յակոբ Միքայէլեան

 

Այս գործով հեղինակը կը ներկայացնէ մերօրեայ Հալէպը (2011-2018)՝ իր ապրած պատերազմի արհաւիրքով, քանդումով, սարսափազդու տեսարաններով եւ հայութեան բաժին ինկած տառապանքով։ Ան լոյսին կը բերէ Հալէպի մէջ պատահած աւերները, հայ թէ տեղացի ժողովուրդին ապրած գեհենային վիճակը, աննկարագրելի օրերն ու տարիները, հեղձուցիչ պայմանները, հայաբոյր գաղութի ստացած բազմաբնոյթ վէրքերը, հայութեան յոյզերն ու ցաւերը, ինչպէս նաեւ՝ դէպի ապագայ նայելու հաւաքական կամքի ու հաւատքի արտայայտութիւնները։

 

More News