27 August, 2018

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԼԷՕ ԹՈԼՍԹՈՅԻ «ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ»Ը

«Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի թիւ 96-րդ հրատարակութիւնը եղաւ Լէօ Թոլսթոյի «Պատմուածքներ»ը (Բ. հրատարակութիւն), որուն թարգմանական աշխատանքը կատարած է Հոգշ. Տ. Եփրեմ Վրդ. Թապագեանի (այժմ արքեպիսկոպոս)։

Պատմուածքները իրենց պարզ, յաճախ աղքատ գիւղացի, աստուածաբաններու կամ ազնուական կղերական հերոսներու ճամբով կը խօսին վատ ընկերութեան մը մէջ մարդ անհատին զոհաբերումին ու նուիրականութեան պատրաստակամութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական տիպար կեանքի մը ու վեհ սիրոյ վայելքի մասին։ Հեղինակը, այս գործով, ընկերութեան ու մարդկութեան տրուած Աստուածաշունչի գործնական ըլլալու գաղափարը կը ջատագովէ այս գործով ու կը խօսի մարդ անհատի փրկութեան ու անոր հոգիին մէջ Աստուծոյ ընկալումը այլասիրութեամբ ու զոհաբերութեամբ պայմանաւորուած ըլլալու սկզբունքին մասին։