14 Հոկտեմբերի, 2018

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 89-ՐԴ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2018-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով տարիներու աւանդութեան համաձայն, տեսչական պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական 89-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին միաբան հայրեր, ուսուցիչներ, Դպրեվանքի բարեկամներ, ծնողներ եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող բազմութիւն մը:

 

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Դպրեվանքի քայլերգով եւ թարգմանչաց վարդապետաց նուիրուած շարականով՝ կատարողութեամբ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին։

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարշ. Ճորճ Սրկ. Աբրահամեան։ Ան ըսաւ, որ 5-րդ դարու այս յաղթանակը դպրութեամբ տեղի ունեցաւ շնորհիւ ճշմարիտ եւ իմաստուն յեղափոխականներու։ Խօսելով Դպրեվանքի առաքելութեան մասին ու ակնարկելով անոր վերամուտը Թարգմանչաց տօնին օրուան զուգադիպութեան, ան դպրեվանեցի իր եղբայրներուն անունով վերանորոգեց թարգմանչաց սերունդին կտակը իրագործել շարունակելու եւ հայու ոգին քրիստոնէական դաստիարակութեամբ ու հայեցի կրթութեամբ պայծառացնելու ուխտը։

 

Ուսումնական-կրթական տարեշրջանին բացման առիթով իր խօսքը արտասանեց տեսուչ հայր սուրբը։ Ան ըսաւ, որ Դպրեվանքին մէջ կերտուած հոգեւոր եւ ազգային մշակները որպէս առաքեալներ գործուղղուած են սփիւռքահայ կեանքին մէջ։ Այս առիթով, ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Դպրեվանքի ուսուցչական կազմին, դաստիարակներուն, ինչպէս նաեւ տիկնաց խորհուրդին, ծնողներուն եւ բարերարներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին Դպրեվանքի առաւել ծաղկման։ Եւ վերջապէս, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ մօտէն կը հետեւի Դպրեվանքի գործունէութեան եւ դպրեվանեցիներուն բարօրութեան, «Ձերդ Ս. Օծութեան պատգամով ու խրատականով, յոյսով ենք, որ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու բարեխօսութեամբ կը ճանչնանք իմաստութիւնն ու խրատը աստուածային եւ օրհնաբեր տարեշրջան մը կ՚ունենանք՝ ժողովուրդի մեր զաւակներուն աղօթակցութեամբ», եզրափակեց հայր սուրբը։

 

Աւարտին, հայրապետական իր պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը։ Թարգմանչաց վարդապետներու սրբազան առաքելութիւնը եւ հսկայ աշխատանքը պատմութեան մէջ իր առանցքային դերակատարութիւնը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ մշակութային, հոգեւոր ու ազգային մակարդակներու վրայ, ասոր շնորհիւ հայ ժողովուրդին մօտ քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ հայկական։ Հայրապետը ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաւատքը հայերէնի թարգմանելով, թարգմանիչ սուրբերը հայերէնի թարգմանեցին քրիստոնէութեան ոգին, տեսլականը եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքները։ Ան շարունակեց ըսելով, որ քրիստոնէութեան պետական կրօնք դառնալէն ետք, գիրերու գիւտն ու թարգմանչաց գործը ամբողջացուց հայ ժողովուրդին գոյութիւնը ապահովելու պայքարը։ Վեհափառ Հայրապետը  յայտնեց, որ հոն ուր ինքնուրոյն մշակոյթ չկայ, քրիստոնէական հաւատքը կը մնայ վերացական սահմաններու մէջ. Հետեւաբար, «ազգային մշակոյթով քրիստոնէական հաւատքը ներթափանցեց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ հաւատքն ու մշակոյթը նոյնացան։ Այս նոյնացումը մեր ժողովուրդին տուաւ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը։ Քրիստոնէական հաւատքը հայացաւ եւ մեր ժողովուրդին առջեւ բացուեցաւ իր անմահութեան ճանապարհը», ընդգծեց Հայրապետը։

 

Խօսելով Դպրեվանքի հոգեմտաւոր կրթութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Թարգմանչաց սերունդին տագնապներով եւ պատգամով կը գործէ Դպրեվանքը, ու իր ջամբած կրթութեամբ կոչուած է Թարգմանչաց սերունդին կտակը նուիրականութեամբ վառ պահելու. «ահաւասիկ, սիրելի՛ աշակերտներ, մենք ա՛յս ոգիով պիտի շարունակենք Թարգմանչաց նուիրական առաքելութիւնը Դպրեվանքի ճամբով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով։ Հազար փառք ու յարգանք մեր Թարգմանչաց սերունդին, որ մեր ինքնութիւնը կերտեց։ Մենք վերանորոգ հաւատքով կոչուած ենք հաւատարիմ մնալու եւ շարունակելու Թարգմանչաց սրբազան երթը», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Բացման Հանդիսապետութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր՝ Աւետարանի եւ սաղմոսի ընթերցումով։

 

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» քայլերգի եւ «Հայրապետական մաղթանք»ի երգեցողութեամբ ու Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ»ով։

More News