28 January, 2013

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան տասներորդ ժողովին

22-27 Յունուար 2013, Վատիկանի մէջ, գումարուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներորդ ժողովը:           

 

Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան:            

 

22 Յունուարին, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին իրենց Եկեղեցիներուն առնչուած միջ-եկեղեցական հարցեր:  

 

24-27 Յունուարին, յանձնաժողովը քննարկեց ՙՍուրբերը մինչեւ 5րդ դարուն կէսը Եկեղեցիներուն միջեւ եղած հաղորդութեան եւ հաղորդակցութեան ազդակ եւ սրբադասումը՚ նիւթը:

 

24 Յունուարին, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքի Նախագահ Կարտինալ Գուրթ Գոխ պաշտօնական ընթրիքով պատուեց յանձնաժողովի անդամները: 

 

25 Յունուարին, յանձնաժողովի անդամները պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Ն.Ս. Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին: Նոյն երեկոյեան, անոնք ներկայ գտնուեցան Ս. Պօղոս Տաճարին մէջ քրիստոնէական միութեան շաբաթին առթիւ Պապին նախագահութեամբ կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան:           

 

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասնմէկերորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 27 Յունուար-4 Փետրուար 2014-ին, Հնդկաստանի մէջ:

More News