1 Օգոստոսի, 2013

Անթիլիասի Դպրեվանքը

Դպրեվանքը իր մարդակերտումի գործընթացին մէջ վերջին մի քանի տարիներուն, նուաճումէ նուաճում կը բարձրանայ եւ գործնականապէս կը շարունակէ Սփիւռքի գոյատեւման իր լուման ձգել հայապահպանման գանձանանկին մէջ։ Առ այդ, ուսումնական-կրթական 2012-2013 տարեշրջանը յաջողութեամբ աւարտելով, Դպրեվանքը տուաւ իր հունձքը՝ դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ, երեք աբեղաներ եւ մէկ քահանայացու։

 

Ամառնային շրջանին, տարիներու սովորութեան համաձայն, Դպրեվանքի ընծայարանական բաժինի սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները, կարճատեւ արձակուրդէ մը ետք, կրկին անգամ Դպրեվանք կը վերադառնան։

 

Այս տարի, նկատի ունենալով Սուրիոյ վիճակը, Դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինի սուրիահայ սաներն ալ մնացին Դպրեվանք եւ սաներուն թիւը հասաւ 30-ի։ Դպրեվանքի Տեսչութիւնը որոշեց ամառնային դասընթացք կազմակերպել սաներուն, որպէսզի թէ՛ սաները իրենց ժամանակը չվատնեն եւ թէ ալ հոգեպէս ու մտապէս առաւել եւս լիցքաւորուին։ Ամառնային դասընթացքները արդէն իսկ սկիզբ առած են ու յետագային ալ պիտի շարունակուին երկու հանգրուաններով։ Առաջին հանգրուանը Յուլիս 1-էն Օգոստոս 10, իսկ երկրորդ հանգրուանը Օգոստոս 25-էն Սեպտեմբեր 28։ Ամառնային դասընթացքներուն դասացուցակը կը կազմէ հետեւեալ պատկերը.- Հին եւ Նոր Կտակարաններ, Շարական, Հայերէն, Գրաբար, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Արաբերէն, Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց Պատմութիւն, Նկարչութիւն, Երգ եւ Դաշնակ։

 

Դպրեվանքը կը հզօրանայ ու իր առաքելութիւնը ի յաջողութիւն կը հասցնէ մարդով։ Դպրեվանքի դրամագլուխը մարդն է։ Ղրկեցէ՛ք ձեր զաւակները Դպրեվանք, որպէսզի անոնք այնտեղ հոգեմտաւորապէս աճելով ու զարգանալով դառնան սպասարկուները Հայ եկեղեցիին ու Հայ ժողովուրդին։

More News