11 March, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը մարդկային իրաւունքներու նուիրուած Պէյրութի համագումարին

Երկուշաբթի, 11 Մարտ  2013, Պէյրութի  մէջ, Միջին  Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Կեանք եւ Ծառայութիւն Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մարդկային իրաւունքներու քննարկման եւ պաշտպանութեան նուիրուած համագումար մը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Երէցկին Մանիա Միսիրեան:

 

Համագումարին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՄԱԵԽ-ի Կեանք եւ Ծառայութիւն Բաժանմունքի Տնօրէնուհի Տիկ. Սեդա Խտըշեան:

 

Համագումարին ներկայ գտնուեցան պետական անձնաւորութիւններ, իրաւաբաններ եւ Լիբանանի կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ:

More News