2 Հունվարի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս.Ծննդեան պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝

ՍԷՐԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾԵԼ

 

Թեսաղոնիկէի եկեղեցւոյ ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ, թէ կարեւորը Քրիստոսի երկրորդ գալուստին ժամանակը գիտնալը չէ, այլ անոր միշտ պատրաստ ըլլալն է ու ապա հարց կու տայ՝ թէ արդեօք Քրիստոսի «սէրէն մղուած կը ծառայէ՞ք ուրիշներուն» (1. 3):

 

Քրիստոսի սէրէն մղուած ծառայել: Ա՛յս է քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը, նպատակը, պատգամը:

 

Աստուած ս՛էր է: Սա սովորական հաստատում մը չէ, այլ՝ քրիստոնէական հաւատքին ամենէն հիմնական ճշմարտութիւններէն մէկն է: Սէրը սոսկ Աստուծոյ ստորոգելին չէ. ան Աստուծոյ բնութիւնը, իսկութիւնը կը բնորոշէ: Սէրը նաեւ Աստուծոյ բնութենէն բխող գործը կը բնութագրէ: Այլ խօսքով, սէրը Աստուծոյ յայտնութեան մղիչ ուժն է, անոր խորքը ու միաժամանակ նպատակը:

 

Արդարեւ, իր անհուն սէրէն առաջնորդուած Աստուած ստեղծեց տիեզերքը:

 

Իր երկնային սէրէն մղուած Աստուած ստեղծեց մարդը, անոր շնորհելով իր աստուածային պատկերը:

 

Իր հայրական սէրը մարդուն նկատմամբ Աստուած նաեւ յայտնեց մարգարէներուն ճամբով:

 

Աստուծոյ գերագոյն սիրոյն գագաթնակէտը հանդիսացաւ իր Միածին Որդւոյն մարդեղացումը: «Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ…» (3. 16), ինչպէս կը հաստատէ Յովհաննէս Աւետարանիչը:

 

Արդ, Բեթղեհէմը Աստուծոյ յաւերժական սիրոյն թանձրացումն է. ան Աստուած–մարդ սիրոյ հաղորդութեան շօշափելի արտայայտութիւնն է:

 

Սակայն, աստուածային սէրը Բեթղեհէմի մէջ չմնաց: Ան Բեթղեհէմի Մանուկին հետ աճեցաւ ու վերածուեցաւ ծառայութեան: Նազարէթ քաղաքին մէջ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան սկսաւ Եսայի Մարգարէին հետեւեալ բառերը ուղեցոյց ունենալով. «Տիրոջ հոգին վրաս է, որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու…:» (Ղուկ. 4. 18–19): 

 

Քրիստոս ինքզինք ըմբռնեց որպէս ծառայ մարդոց ու իր փրկագործական առաքելութիւնը իրագործեց ծառայութեան ճամբով. «Մարդու Որդին, ի՛նքն ալ, չեկաւ ուրիշներուն կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերուն համար որպէս փրկագին տալու» (Մարկ. 10. 45):

 

Սէր ու ծառայութիւն իրարու հետ սերտօրէն ներդաշնակուեցան, զիրար ամբողջացուցին, հարստացուցին ու հզօրացուցին Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Ա՛յս յանձնառութեամբ Քրիստոս ծառայեց բոլորին՝ հիւանդին, աղքատին, մեղաւորին, զրկեալին, անառակին, մանուկին թէ ծերին:

 

Աստուծոյ Որդին ծառայեց գերագոյն նուիրումով ու ամբողջական յանձնառութեամբ, որովհետեւ սիրե՛ց մարդը: Քրիստոս իր սէրը ծառայութեամբ թարգմանեց: Մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սէրը իր լիարժէք իմաստն ու վաւերական արտայայտութիւնը գտաւ երբ ծառայութեան վերածուեցաւ: Քրիստոս այնքան սիրեց մարդը, որ անոր նկատմամբ իր ունեցած սէրը զինք առաջնորդեց մինչեւ խաչ: Առաքեալը կը հաստատէ՝ «Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը յայտնեց անով, որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռոմ. 5. 8):

 

Ահա թէ ինչու Քրիստոսի կեանքի հայելիին դիմաց կեցած Առաքեալը կը յիշեցնէ մեզի թէ՝ Աստուծոյ Որդին մարդացաւ, աղքատացաւ ու ծառայի կերպարանք առաւ, որպէս սիրոյ արտայայտութիւն ծառայելու մարդուն: Առաքեալը նաեւ կոչ կ’ուղղէ մեզի, որ Քրիստոսի նկատմամբ ունեցած մեր սէրէն մղուած մե՛նք ալ ծառայենք մեր նմաններուն:

 

Արդ, Աստուծոյ մարդեղութեան խորհուրդէն եկող պատգամը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար յստակ է.– սէրը ծառայութեան վերածել: Քրիստոս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ իրար սիրեցէք» (Յովհ. 13. 34): Զիրար սիրել կը նշանակէ իրարու օգնել, իրարու ցաւն ու ուրախութիւնը բաժնել, իրարու ծառայել:

 

Աստուած մեզ սիրեց. հետեւաբար, մենք ալ պարտաւոր ենք սիրել զԱստուած, սիրել իր եկեղեցին, սիրել մեր նմանը: Քրիստոնէական կեանքին ու վկայութեան առանցքը կը կազմէ սէրը: Սակայն սէրը ինքնակեդրոն ու ինքնապատակ չի կրնար ըլլալ: Ան պէտք է բացուի ուրիշին, երթայ ուրիշին ու վերածուի ամբողջանուէր ծառայութեան, ինքնազոհողութեան, ինքնընծայումի:

 

Այսպէ՛ս եղաւ սէրը Քրիստոսին: Այսպէս պէտք է ըլլայ սէրը Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեայ մարդուն համար: Սէրը ծառայութեա՛ն վերածել. «մեր սէրը միայն խօսքով ու լեզուով թող չըլլայ, այլ՝ գործո՛վ արտայայտուած ճշմարիտ սէր» (Յովհ. Ա. 3. 18): Ա՛յս է Քրիստոսի սէրն ու ծառայութիւնը վայելած Առաքեալին պատգամը:

 

Արդ, հարց տանք մեր անձին: Որքանո՞վ ներկայ է սէրը մեր կեանքին մէջ. սէր՝ Աստուծոյ նկատմամբ, սէր՝ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ, սէր՝ մեր ընտանիքին նկատմամբ, սէր՝ աղքատին, հիւանդին ու զրկեալին նկատմամբ: Որքանո՞վ կրցած ենք սէրը գործնապէս արտայայտել ծառայութեան, նուիրումի, զոհողութեան ու յանձնառութեան ճամբով:

 

Քրիստոս սիրեց ու ծառայեց. Քրիստոս ծառայեց, որովհետեւ սիրեց: Հետեւաբար, Քրիստոսը սիրել կը նշանակէ մեր նմանը սիրել. մեր նմանը սիրել կը նշանակէ ծառայութեան ձեռք երկարել անոր: Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը. «անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի» (Մատթ. 25. 35–36). եւ ապա Քրիստոս կ’աւելցնէ՝ «որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մատթ. 25. 40):

 

Ի՛նչ որ ուրիշին կ’ընենք՝ Քրիստոսի՛ն ըրած կ’ըլլանք…: Արդեօք կ’անդրադառնա՞նք Քրիստոսի այս խօսքին իմաստին, նպատակին:

 

Այսօր, մեր եկեղեցին որքա՜ն կարիքը ունի իր հաւատացեալներուն յանձնառու ծառայութեան:

 

Այսօր, մեր հայրենիքը որքա՜ն անհրաժեշտութիւնը ունի բոլոր հայերուն նուիրեալ ծառայութեան:

 

Այսօր, մեր ազգը որքա՜ն պէտքը ունի իր բոլոր զաւաներուն ամբողջանուէր ծառայութեան:

 

Թող Բեթղեհէմի պատգամը մղէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները՝ սէրը ծառայութեան վերածելու:

 

*

*  *

 

Այսօր, սփիւռքի մեր կարեւորագոյն գաղութներէն՝ Սուրիոյ հայութիւնը տագնապի մէջ է: Երկրէն ներս շարունակուող ապահովական, քաղաքական ու տնտեսական ահաւոր վերվայրումները իրենց ծանր հետեւանքները կ’ունենան նաեւ հայ գաղութին վրայ: Սուրիոյ հայութիւնը անմիջական կարիքը ունի իւրաքանչիւր հայու, մեր բոլորին անվերապահ աջակցութեան:

 

Մեր համայնքային կառոյցները պէտք է գործեն, եկեղեցիներու կոչնակները պէտք է հնչեն, դպրոցներու դռները պէտք է բաց մնան, ընտանիքներու սեղանին վրայ հացը պէտք չէ պակսի, ուսուցիչներուն ամսաթոշակներն ու աշակերտներու կրթաթոշակները պէտք է ապահովուին: Այս բոլորը կը կարօտի նիւթական լայն օժանդակութեան:

 

Մենք թոյլ պէտք չէ տանք որ հայապահպանման, հայրենիքի հզօրացման, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման մեր համազգային պայքարին մէջ առանցքային տեղ ու դեր ունեցող գաղութ մը տկարանայ:

 

Արդ, վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով եւ համազգային ճիգով պէտք է շարունակենք մեր անվերապահ օժանդակութիւնը Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:

 

*

*  *

 

Բեթղեհէմի յաւերժափայլ լոյսով ողողուած Աստուածայայտնութեան հոգեպարար տօնին, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանը, մաղթելով իրեն հայրենանուէր հարուստ գործունէութիւն: Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն երկար գահակալութիւն:

 

Հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքին ենթակայ թեմերուն Առաջնորդ Սրբազանները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կառոյցները եւ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները: Թող Աստուած միշտ պայծառ պահէ մեր սուրբ եկեղեցին ու հզօր՝ մեր հայրենիքը եւ իր երկնային լոյսով շաղախէ կեանքի օրերը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

6 Յունուար, 2013

Անթիլիաս, Լիբանան

More News