16 January, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի դեսպանը

Չորեքշաբթի 16 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին: Սոյն այցելութեան հիմնական նպատակը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատկերացումը Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ այս ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքները:

 

Վեհափառ Հայրապետը լսելէ յետոյ դեսպանին զեկոյցը իր կարգին շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- 1) Անհրաժեշտ է կարելի փութով քաղաքական լուծում մը գտնել Սուրիոյ տագնապին, առաջքը առնելու համար մարդկային նոր կորուստներու: 2) Անհրաժեշտ է Սուրիան հեռու պահել արտաքին միջամտութիւններէ եւ նկատի ունենալ միայն ժողովուրդին կամքը ու երկրին գերագոյն շահերը: 3) Որեւէ կարգադրութեան պարագային անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ քրիստոնեայ համայնքներուն իրաւունքները ու անոնց յատուկ տեղն ու դերը Սուրիոյ քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքէն ներս, որպէս անանջատելի մասը սուրիական ընկերութեան:

More News