6 January, 2013

Սուրբ Ծննունդը Անթիլիասի մէջ

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴՆ Է ՄԱՐԴՈՒՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Կիրակի Յունուար 6–ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով բոլոր հայ եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Աստուածայայտնութիւնը իր մէջ կը պարփակէ թէ՛ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը եւ թէ մկրտութիւնը: Առաջին դարերուն ողջ քրիստոնէութիւնը այս երկու տօները միասնաբար Յունուար 6–ին կը նշէր: Սակայն, Արեւմուտքի ու Արեւելքի քրիստոնէութեան յատուկ տեղական պատճառներուն հետեւանքով այս երկու տօները անջատուեցան. Դեկտեմբեր 25–ը դարձաւ Քրիստոսի ծննդեան տօնը, իսկ Յունուար 6–ը մնաց Քրիստոսի մկրտութեան տօնը: Հայ եկեղեցին շարունակեց հաւատարիմ մնալ քրիստոնէական առաջին դարերու աւանդութեան:

 

Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Պատարագին ներկայ էր մեծ բազմութիւն, որոնց կարգին հայ նախարարներ, երեսփոխաններ ու համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

 

Իր հայրապետական պատգամը Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ յիշելով Յակոբոս Առաքեալի այն տողերը, ուր ան կ’ըսէր թէ Աստուած կամեցաւ մեզ վերստին ծնիլ, որպէսզի մենք նոր ստեղծագործութեան առաջին պտուղները ըլլանք (Յակոբ. 1, 18): Վեհափառը ըսաւ որ «Առաքեալին այս պարզ բառերուն մէջ խտացած է Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան խորհուրդը: Աստուծմէ հեռացած, մեղքի ու մահուան տիրապետութեան տակ գտնուող մարդը կարիքը ունէր աստուածային միջամտութեան: Աստուած Բեթղեհէմ իջաւ, Յիսուսին ճամբով մարդացաւ, որպէսզի մարդը վերստեղծէ: Արդ, Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ, մարդու վերածնունդն է: Ահա թէ ինչու Քրիստոս նաեւ նկատուած է որպէս երկրորդ Ադամ: Մարդու վերստեղծումով Աստուծոյ Որդին նաեւ կը վերաստեղծէ ամբողջ տիեզերքը: Այսպէս պէտք է ըմբռնել Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին տրուած աստուածային փրկութեան շնորհքը»:

 

Շարունակելով իր պատգամը, Վեհափառը ըսաւ. «Քրիստոսով վերստեղծուած մարդը կոչուած էր իր մասնակցութիւնը բերելու տիեզերքի վերաստեղծման եւ աստուածային թագաւորութեան հաստատման նուիրական առաքելութեան: Չմոռնանք երբեք, որ մարդը քրիստոնէական հասկացողութեամբ Աստուծոյ որդեգիր զաւակն է, անոր գործակիցը ու Քրիստոսի դեսպանը: Աստուածային ի՜նչ գերագոյն շնորհք է սա տրուած մարդուն ու միաժամանակ ի՜նչ դժուար պարտաւորութիւն…»: Ապա Վեհափառը յիշեցուց որ. «Աստուծոյ որդեգիր զաւակը ըլլալ կը նշանակէ հաւատարիմ գտնուիլ Երկնաւոր Հօր կողմէ կատարուած յանձնարարութիւններուն: Քրիստոսի դեսպանը ըլլալ կը նշանակէ հետեւիլ Քրիստոսի ուսուցումներուն: Աստուծոյ գործակից ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսով այս երկրի վրայ հաստատուած թագաւորութեան արժէքներուն ու ճմարտութիւններուն ջատագովը ըլլալ: Որո՞նք են Աստուծոյ թագաւորութեան հիմքը կազմող արժէքներն ու ճշմարտութիւնները: Սէր՝ Աստուծոյ եւ մեր նմանին նկատմամբ: Ներկայ աշխարհը որքա՜ն կարիքը ունի սիրոյ հրամայականին: Արդարութիւն՝ բոլորին նկատմամբ: Անարդարութեան ճիրաններուն մէջ տուայտող ներկայ մարդկութիւնը որքա՜ն պէտքը ունի արդարութեան: Խաղաղութիւն՝ ազգերու միջեւ: Բռնութիւններով շրջապատուած ներկայ մարդկութիւնը որքա՜ն անհրաժեշտութիւնը ունի խաղաղ կեանքի»:

 

Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն: «Մենք կ’ողջունենք ի խնդիր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ու արժէքներուն համար տեղի ունեցող շարժումները: Մենք կ’ողջունենք նաեւ երկրի մը քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատելու, բոլոր համայնքներու իրաւունքները յարգելու եւ ազատութիւն ու արդարութիւն հաստատելու եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու ձգտող բոլոր նախաձեռնութիւնները: Սակայն, այս նախաձեռնութիւնները պէտք է ըլլան խաղաղ մթնոլորտի մէջ՝ հեռու ամէն տեսակ բռնութիւններէ եւ օտար միջամտութիւններէ: Արդարեւ, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անձեր ու վարչակարգեր գնայուն են. մնայունը ժողովուրդն է ու հայրենիքը»: Խօսելով քրիստոնեայ համայնքներու մասին, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ՝ «Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութիւնը ո՛չ պատահական է, ո՛չ լուսանցքային եւ ո՛չ ժամանակաւոր: Անոնք անբաժանելի մասը կը կազմեն շրջանի պատմութեան ու մշակոյթին: Միջին Արեւելքը քրիստոնէութեան ծննդավայրն է: Հետեւաբար, հակառակ քրիստոնեայ համայնքները դիմագրաւող դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, անոնք կը մնան կառչած իրենց արմատներուն ու իրաւունքներուն: Իսլամ ու քրիստոնեայ համայնքներ միասնաբար ապրած ու ստեղծագործած են այս շրջանէն ներս ու վերանորոգ յանձնառութեամբ պիտի շարունակեն իրենց գոյակցութիւնը: Հետեւաբար, Մեր սպասումն է ու պահանջքը միաժամանակ, որ շրջանէն ներս տեղի ունեցող փոփոխութիւններու ծիրէն ներս ամբողջութեամբ յարգուին քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները: Փոքրամասնութիւն ըլլալ չի նշանակեր ընկերութեան կեանքի լուսանցքին վրայ մնալ: Հետեւաբար, Մենք կը մերժենք ոեւէ մօտեցում, որ կը փորձէ լուսանցքայնացնել քրիստոնեայ համայնքները: Մենք կը մերժենք ոեւէ փորձ որ կ’անտեսէ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները: Քրիստոնեայ համայնքները, որպէս անբաժան մասը ընկերութեան, միշտ պատրաստ են իրենց ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերելու արաբական աշխարհի վերելքին, մնալով հաւատարիմ իրենց պարտաւորութիւններուն, ու միաժամանակ՝ կառչած իրենց քաղաքացիական, կրօնական ու ազգային իրաւունքներուն»:

 

Այս ծիրէն ներս անդրադառնալով հայ ժողովուրդին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Այս մօտեցումով ու սպասումով հայ ժողովուրդը 7–րդ դարէն սկսեալ Հայաստանի, Կիլիկիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ գոյակցած է իսլամութեան հետ: Փոխադարձ իրաւունքներու, արժէներու ու աւանդութիւններու ճանաչումը ու յարգումը հիմնաքարը նկատելով շինարար գոյակցութեան ու սերտ գործակցութեան»: Խօսելով Լիբանանի մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Կ’ողջունենք շրջանէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերէն Լիբանանը հեռու պահելու պետական ու համայնքային պատասխանատուներուն հաւաքական ճիգը: Կ’ողջունենք նաեւ ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու գծով Հանրապետութեան Նախագահին տարած հետեւողական աշխատանքը: Ինչ ալ ըլլան մեր տարբերութիւնները, երկխօսութիւնը կը նկատենք հրամայական: Փոխանակ մամուլի ու հեռատեսիլի ճամբով իրարու դէմ խօսելու, անհրաժեշտ է որ իրարու հետ խօսինք նոյն սեղանին շուրջ՝ Լիբանանի շահը նկատելով մեր միակ ու անսակարկելի նպատակը: Ա՛յս կը սպասէ ժողովուրդը իր պատասխանատուներէն»: Ապա Վեհափառը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն շրջանի պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին հեռու մնալու ներքին զգայնութիւններ յառաջացնող փորձերէ ու ամրապնդելու իրենց ներքին միասնականութիւնը:

More News