24 Հուլիսի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գնահատէ Ազգային Ծերանոցին ծառայութիւնը

Երկուշաբթի 22 Յուլիս 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցի Տնօրէն՝ Պատուելի Սեպուհ Թերզեանը։ Պատուելին Վեհափառ Հայրապետին լայնօրէն զեկուցեց Ազգային Ծերանոցին կատարած աշխատանքները, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատկապէս յառաջիկայի ծրագիրները։ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ իմացաւ թէ Ծերանոցը վերակազամկերպումի ու իր ծառայութիւնը աւելի ծաւալելու աշխատանքին լծուած է, նախաձեռնութեամբ Խնամակալութեան, Տնօրէնութեան ու Տիկնաց Միութեան։ Ներկայիս շուրջ 100 ծերեր կը բնակին Ազգային Ծերանոցէն ներս։

 

Նորին Սրբութիւնը մանաւանդ շեշտեց, թէ Ծերանոցին նկամտամբ մեր ժողովուրդին մտայնութիւնը պէտք է փոխուի։ Յատուկ նախանձախնդրութիւն եւ հոգածութիւն հարկ է ցուցաբերել այս հաստատութեան նկատմամբ։ Վեհափառը շեշետեց նաեւ, որ Ծերանոցին մէջ պէտք է համայնական կեանք ստեղծել, հոգեւոր ու ընկերային ձեռնարկներ կազմակերպելով։

 

Այս առիթով նաեւ, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց ուշ սորվող աշակերտներու գծով տարուող աշխատանքը շարունակելու հրամայականը։ Յայտնենք, որ այս մասին Նորին Սրբութիւնը օրին նաեւ խօսած էր Գարակէօզեան Հաստատութեան պատասխանատուներուն հետ։ Վեհափառը շեշտեց, որ Գարակէօզեան հաստատութիւնն ու Ծերանոցը միասնաբար նոր ու մանկավարժական արդի մօտեցումներով անհրաժեշտ է որ վերակազմակերպեն այս աշխատանքը՝ խորհրդակցելով կրթական մարմիններու ու տնօրէններու հետ։

More News