24 January, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Երուսաղէմի հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեց Երուսաղէմի Հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին հետ եւ շնորհաւորեց իր ընտրութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միջեւ յատուկ գործակցութիւն եղած է միշտ եւ վստահաբար վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակուի այդ գործակցութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է որ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներու միջեւ ներքին միասնականութիւնը ու ամբողջական գործակցութիւնը գործնապէս արտայայտուի մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս:

More News