1 Փետրվարի, 2013

ՙԸնկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան հիմքը կը կազմէ՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ 1 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի հայկական հաստատութիւններու մէջ գործող ընկերային ծառայողները, Ընկերային Ծառայողներու Միջազգային Օրուան առիթով:

 

Առաջին հերթին օրդ. Անի Պուճիքանեան խօսք առնելով ներկայացուց ընկերային ծառայողները, ինչպէս նաեւ՝ անցնող տարիներու ընցթացքին լիբնանանահայ ընկերային ծառայողներու կատարած աշխատանքը:

 

Ներկաներուն իր պատգամը ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անցեալին թէ ներկայիս ընկերային ծառայութեան ճամբով կը ծառայեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ապա Վեհափառը ըսաւ. «ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը ու առաքելութեան հիմքը կը կազմէ: Քրիստոս ինքզինք ներկայացուց որպէս ծառայ մարդկութեան, եւ իր ուսուցումներուն, առակներուն ու հրաշքներուն ճամբով յատուկ շեշտ դրաւ ծառայութեան վրայ: Քրիստոս առանց խտրութեան ծառայեց բոլորին՝ հիւանդին, անկարին, զրկեալին: Ան նոյը պատուիրեց իր հետեւորդներուն»: Իր խօսքը շարունակելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ եկեղեցւոյ հաւաքական ծառայութեան: Արդարեւ, եկեղեցին ինքզինք կ’ըլլայ իր հարազատ դիմագծով ու էութեամբ, երբ ծառայէ ժողովուրդին: Եկեղեցին ծառայութեան վերածողը հոգեւորականը չէ միայն, այլ եկեղեցւոյ մաս կազմող բոլոր քրիստոնեաները: Եկեղեցւոյ հաւաքական ծառայութեան մէջ իւրաքանչիւր անհատ տալիք ու ընելիք ունի: Արդ, սովորական իմաստով պէտք չէ մօտենալ ընկերային ծառայութեան: Ընկերային ծառայութեան լծուիլ, կը նշանակէ Քրիստոսի ծառայական առաքելութիւնը շարունակել՝ եկեղեցւոյ ճամբով»:

 

Աստուածաբանական ընդհանուր խորքին վրայ դիտելէ յետոյ ընկերային ծառայութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը աւելի գործնական մօտեցումով ըսաւ. «ընկերային ծառայութիւնը այսօր բոլոր կրօններու ու պետութիւններու օրակարգին վրայ առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիր մըն: Սակայն որակային տարբերութիւն պէտք է ըլլայ քրիստոնէական ու մարդասիրական ծառայութեան միջեւ: Քրիստոնէական հաւատքէն մղում առնող ծառայութիւնը ինքնընծայում է, մինչ մարդասիրական ծառայութիւնը սոսկ մեր ունեցածէն բան մը տալ է ուրիշին: Իսկ հայ ժողովուրդի պարագային՝ քրիստոնէականի կողքին ազգային տարածքը եւս կարեւոր է: Այլ խօսքով՝ մեր ընկերային ծառայութեան մէջ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու կողքին նաեւ ազգային արժէքները ու սկզբունքները յատուկ տեղ պէտք է գրաւեն»:

 

Ընկերային ծառայութիւնը համապարփակ հայեցակէտով դիտելէ յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ հինգ կէտերը.– «ա) Ընկերային ծառայութեան մէջ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի միջավայրին: բ) Ընեկերային ծառայութիւնը պէտք է համապատասխանէ տուեալ միջավայրի ու ժամանակի կարիքներուն: գ) Ընկերային ծառայութիւնը պէտք է ունենայ իր յստակ առաջնահերթութիւնները: դ) Կազմակերպուածութիւն, հետեւողականութիւն ու ներդաշնակութիւն մղիչ ուժը պէտք է դառնան ընկերային ծառայութեան: ե) Ընկերային ծառայութիւնը հարկ է կատարել մասնագիտական մօտեցումով՝ նկատի ունենալով համաշխարհայնացած աշխարհէն եկող մարտահրաւէրները, եւ լայնօրէն օգտագործելով տեղեկատուական արհեստագիութեան ընծայած լայն կարելիութիւնները»:

 

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց ընկերային ծառայողներուն, յատուկ կարեւորութիւն տալու այս օրերուն պայմաններու բերումով Սուրիայէն Լիբանան ապաստանած մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն:

More News