10 Փետրվարի, 2013

Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները

Կիրակի 10 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Բուն Բարեկենդանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կիրակնօրեայ Վարժարաններէն մէկ խումբ մանուկներ իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ առնելու համար Անոր օրհնութիւնը: Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց Կիրակնօրեայի մանուկները, իր օրհնութիւնը շնորհեց փոքրիկներուն եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած կարեւոր աշխատանքին՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս:

 

Յայտնենք, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ 1930-ին հաստատուած Կիրակնօրեայ Վարժարանները, աշխոյժ կերպով կը գործեն բոլոր թեմերէն ներս: Կիրակնօրեայ Վարժարանններուն ընդհ. վարիչ տնօրէնն է՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեան:

More News