15 Փետրվարի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի դեսպանը

Ուրբաթ 15 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Դեսպանը անդրադարձան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Մարտ 3-ին տեղի ունենալիք Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակումի մասին։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Հայատսան-Սփիւռք գործակցութեան անհարժեշտութիւնը եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի 18 Փետրուարին, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւնները ըլլան ժողովրդավարական սկզբունքներու ամբողջական կիրառումով եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ։

More News