20 Հուլիսի, 2013

Վերջին Օծում եւ Թաղում Հոգելոյս Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանի

Շաբաթ 20 Յուլիս 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակցութեամբ Միաբանութեան անդամներուն, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին հրաժեշտ տուաւ Կիլիկեան Ուխտի երիցագոյն Միաբանին, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին ու աստուածաբանին եւ Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանին։

 

Առաւօտուն, միաբան հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց ու իր սրբազան աջով վերջին օծումը կատարեց, Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։

 

Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց՝ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանը։ Յընթացս Ս. Պատարագին Հանգուցեալ Սրբազան Հօր դագաղը միաբան հայրերու կողմէ Տաճարի Ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր տեղի ունեցաւ Վերջին Օծման Կարգը, ձեռամբ Վեհափառ Հայրապետին։

 

Եկեղեցիէն, իր հոգեւոր եղբայրներէն ու բարեպաշտ ժողովուրդէն հրաժեշտ առնելու հոգեթով շարականներու երգեցողութեան ընթացքին հանգուցեալ Սրբազանին դագաղը հերթաբար դէպի Արեւմուտք, Արեւելք ու Հարաւակողմ դարձուեցաւ, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Սրբազան Հօր ճակատն ու աջը, Վերջին Օծումը տալով անոր։ Այնուհետեւ, միաբան հայրեր ու ներկայ հոգեւորականներ խորան բարձրացան ու երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Սրբազանին օծեալ ճակատն ու աջը։

 

Վեհափառ Հայրապետը դամբանախօսական իր պատգամին մէջ վեր առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան զինուորագրեալ աւագագոյն հոգեւորականին աւելի քան եօթը տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութիւնը։ Իր հոգեւորական ասպարէզին նկատմամբ ունեցած սէրը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հանդէպ ունեցած իր հաւատարմութիւնը վարակիչ համարելով նոր սերունդին, Վեհափառ Հայրապետը արժանի գովեստով դրուատեց Սրբազանը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Արտաւազդ Սրբազանին անձին ու իր անփոփոխ ու հաստատ կապուածութեան ու հաւատարմութեան այս Դարաւոր Սուրբ Աթոռին նկատմամբ, մանաւանդ պատմական ամէնէն դժուար ու դժպախտ ժամանակաշրջանին (Վեհափառ Հայրապետին դամբանականին խտացումը կու տանք առանձինն)։

 

Պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբան հայրեր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան, ուր տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։ Ապա միաբան հայրեր Սրբազանին դագաղը իջեցուցին իր վերջին հանգստարանը՝ Կիլիկեան Ուխտի միաբանական դամբարան, ուր Շահէ Եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքումի արարողութիւնը։

 

Թաղման Կարգէն ետք, ներկայ հաւատացեալներ իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին ու միաբանութեան անդամներուն, Վեհարանի Դահլիճին մէջ։

 

Յիշատակ արդարոյն, օրհնութեամբ եղիցի։

More News