18 July, 2013

Մ Ա Հ Ա Զ Դ

Մ Ա Հ Ա Զ Դ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկիեան Ուխտի երիցագոյն միաբանին

 

Տ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱՐՔ. ԹՐԹՌԵԱՆԻ

 

վախճանումը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 18 Յուլիսին։

 

Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ 20 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Ապա, Սրբազան Հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Կիլիկեան Ուխտի միաբանական դամբարանին մէջ, Մայրավանքի շրջափակէն ներս։

 

Նորին Սրբութիւնը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի թաղումէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի Դահլիճէն ներս։