17 July, 2013

Անթիլիասի ու Պիքֆայայի մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուած շինարարութիւնները կը շարունակուին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Նահատակաց նուիրուած առաջին մատրան հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքին: Իսկ Պիքֆայայի վանքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով բարձրացած յուշարձանին շուրջ սկսած են իրագործուիլ շինարարկան նոր ծրագիրներ՝ նուիրուած 100-ամեակին:

 

Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը ու յատկապէս Կաթողիկոսարանի շինարարական ծրագիրներով զբաղող ճարտարապետներու յանձնախումբը մօտէն կը հետեւին յիշեալ եւ այլ ծրագիրներու իրագործման:

More News