12 February, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը վայելող Եւրոպայի Միջ-կրօնական Կնոջական Դասընթացքը կը հասնի իր աւարտին

Շուրջ վեց տարիներ առաջ ընթացք ստացած Եւրոպայի յատուկ իսլամ-քրիստոնեայ կնոջական դասընթացքը հասաւ իր աւարտին 2-11 Փետրուար 2013-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած դասընթացքի վերջին հանգրուանով:

 

Արդարեւ, յիշեալ դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 40 քրիստոնեայ ու իսլամ կիներ: Դասընթացքին մնայուն ղեկավարներն էին` Դոկտ. Րայնհիլդ Թրայթլեր (Աւստրիա) եւ Տիկին Թենի Սիմոնեան-Փիրի (Զուիցերիա): Դասընթացքին նաեւ որպէս դասախօսներ մասնակից դարձան փրոֆէսէօրներ Եւրոպայի զանազան համալսարաններէն: Երեք հանգրուաններէ բաղկացած դասընթացքին քննուեցան Եւրոպայի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ կրօններու համակեցութեան, փոխ-յարաբերութեան ու գործակցութեան առնչուած որոշ հարցեր ու մարտահրաւէրներ՝ բնականաբար յատուկ շեշտ դնելով այդ ծիրէն ներս կնոջ վիճակուած դերակատարութեան վրայ: Դասընթացքի մասնակիցները անցնող վեց տարիներու ընթացքին Եւրոպայի զանազան շրջաններուն մէջ ունեցան իրենց հանդիպումները. իւրաքանչիւր հանդիպումի խտացեալ դասընթացքը տեւեց շուրջ տասը օր:

 

Դասընթացքի եզրափակիչ նիստը ու վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:

 

Նկատի ունենալով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքները, Վեհափառ Հայրապետը իր հովանաւորութիւնը շնորհած էր վերոյիշեալ կարեւոր նախաձեռնութեան: Ընդունելով դասընթացքին մասնակիցները, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը. «Կնոջ դերը վճռական է կրօններու գործակցութեան ու համակեցութեան գծով: Ճիշդ է, երկու միաստուածեան կրօնները տարբեր մօտեցում ունին կնոջ դերակատարութեան գծով, սակայն այդ տարբերութիւնները առաւելաբար առնչուած են ընկերա-մշակութային միջավայրերուն ու աւանդութիւններուն. այլապէս, թէ՛ քրիստոնէութիւնը եւ թէ իսլամութիւնը կը քաջալերեն կնոջ գործօն մասնակցութիւնը համայնքային կեանքի զանազան բնագաւառներէ ներս»: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց դասընթացքի ղեկավարներուն:

 

Յայտնենք, որ անցնող տարիներու ընթացքին դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն՝ Տիկին Իրմա Վարդանեան-Պալեան եւ Օրդ. Սարին Գարաճրճեան:

More News