3 February, 2013

Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն՝ ի յիշատակ երջանկայիշատակ կաթողիկոսներու եւ լուսահոգի միաբաններու

Կիրակի 3 Փետրուար 2013-ին, Ս. պատարագի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին հիւսիսակողմը գտնուող Յուշարձան-դամբարանը, ուր Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` ի յիշատակ երջանկայիշատակ կաթողիկոսներու եւ լուսահոգի միաբաններու:

 

Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անթիլիասական շրջանի հետեւեալ Վեհափառ Հայրապետներուն. Սահակ Բ. Խապայեան, Բաբգէն Ա. Կիւլեսերեան, Պետրոս Ա. Սարաճեան, Գարեգին Ա. Յովսէփեան, Զարեհ Ա. Փայասլեան, Խորէն Ա. Բարոյեան եւ Գարեգին Բ. Սարգիսեան:

 

Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յիշուեցան նաեւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հետեւեալ միաբանները. Շահէ արք. Գասպարեան, Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան, Փառեն եպս. Մելքոնեան, Եփրեմ արք. Տոհմունի, Եղիշէ արք. Կարոյեան, Դերենիկ եպս. Փոլատեան, Խադ արք. Աջապահեան, Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Հրանդ արք. Խաչատուրեան, Ներսէս արք. Բախտիկեան, Արտակ արք. Մանուկեան, Սահակ արք. Այվազեան, Մեսրոպ արք. Աշճեան, Զարեհ արք. Ազնաւորեան, Վարդան արք. Տեմիրճեան, Ղեւոնդ արք. Չէպէեան, Նշան եպս. Թոփուզեան, Սմբատ արք. Լափաճեան, Սմբատ Ծ. վրդ. Սալպաշեան, Գէորգ Ծ. վրդ. Կարպիսեան, Խորէն վրդ. Թաշճեան եւ Պարոյր վրդ. Էքմեքճեան:

More News