7 Փետրվարի, 2013

Վարդանանց տօնակատարութիւնը Անթիլիասի մէջ

«Հաւատարմութիւն քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքին՝ ա՛յս է Վարդանանց պատգամը»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

 

Հինգշաբթի 7 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ի յիշատակ Վարդանանց քաջամարտիկ նահատակներուն։ Պատարագը մատոյց՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Վարդանանցի խորհուրդին, եւ իր մտածումները հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ ամփոփեց. «ա. Տեսիլք ունեցող մարդը միայն կրնայ պայքարիլ, եւ Վարդանանք ունէին տեսիլք։ բ. Վարդանանց պատերազմը հաւատքի ու հայրենիքի համար մղուած պայքար էր, եւ ուստի՝ գոյապայքար։ գ. Վարդանանց պայքարը հայ ժողովուրդի որոշ խաւին պայքարը չէր միայն, այլ՝ պայքարն էր համայն հայ ազգին։ դ. Վարդանանց նախընտրեցին ծառացումի ճամբան, քան՝ ծառայութեան ճամբան»։ Պատարագէն ետք, Միաբան հայրերը, Դպրեվանքի սաներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, թափօր կազմած ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ Վարդանանց յիշատակին նուիրուած տօնակատարութիւն։ Դպրեվանքի սաներն ու ներկաները, գլխաւորութեամբ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի երգեցին վարդանանց նուիրուած երգեր։ Դպրեվանքի սաներէն մի քանին, Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութիւններ ասմունքեցին։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Վեհափառը նախ եւ առաջ մատնանշեց, թէ՝ «Վարդանանց քաջամարտիկներուն պատգամը այսօր ուղղուած մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ հաւատարմութիւն է։ Վարդանանց հաւատարմութեան ոգիով էր, որ դէմ դրին Յազկերտի հազարներ հաշուող բանակներուն դէմ, որովհետեւ ունէին գիտակցութիւնը հաւատարմութեան իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու հայ ազգի պատկանելիութեան։ Եւ առ այդ, այսօր Վարդանանց մեզի կը պատգամեն, հաւատարի՛մ ըլլալ քրիստոնէական մեր հաւատքին ու արժէքներուն նկատմամբ։ Հաւատարի՛մ ըլլալ մեր ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ։ Հաւատարի՛մ ըլլալ մեր սկզբունքներուն ու աւանդութիւններուն»: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այսօր եւս Վարդանանց ճակատամարտ է, ի Հայաստան, յԱրցախ եւ Սփիւռս աշխարհի։ Այսօրուան պայքարը աւելի ահեղ է անցեալի պայքարներէն։ Այսօր որպէս ազգ կը գտնուինք համաշխարհայնացումի վտանգին դիմաց եւ պէտք է միջոցներ գտնէք կարելի եղածին չափ զերծ մնալու համաշխարհայնացումի պատճառած վնասներէն։ Եւ լաւագոյն միջոցը՝ հաւատարմութի՛ւնն է։ Հաւատարմութիւն անցեալէն եկող արժէքներուն ու սկզբունքներուն»:

 

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, վերանորոգ հաւատքով հաւատարիմ մնալ Վարդանանց փոխանցած ոգիին ու նուիրուածութեան:

 

Նորին Սրբութեան պատգամէն ետք, Դպրեվանքի սաները երգեցին Վեհափառ Հօր նուիրուած մաղթերգը։ Եւ ներկաները մօտենալով Վեհափառ Հօր ստացան անոր օրհնութիւնները։

More News