20 Փետրվարի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջ-եկեղեցական հանդիպումները

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը միջ–եկեղեցական բնոյթ ունեցող հանդիպումներ ունեցաւ, որոնց շարքին կ’արժէ յիշել այցելութիւնը Հայր Լիոնիտ Քիչքովսքիի: Հայր Քիչքովսքի ատենապետն է «Կրօններ Խաղաղութեան համար» միջազգային կազմակերպութեան, որուն նախագահներէն մէկն է Վեհափառ Հայրապետը: Յիշեալ կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ եւ անոր մաս կը կազմեն աշխարհի բոլոր կրօններէն ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու յիշեալ կազմակերպութեան առնչուած աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ:

 

Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ Պոսէի (Զուիցերիա) էքիւնենիք հիմնարկի տնօրէն Դոկտ. Իոն Սաուքա: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ–եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յիշեալ հիմնարկի յառաջիկայ ծրագիրները: Յայտնենք, որ 1970 թուականին Վեհափառ Հայրապետը աշակերտած է յիշեալ հիմնարկէն ներս: Արդարեւ՝ միջ–եկեղեցական շարժումի շրջանակներէն ներս յարգանք վայելող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին առնչուած կրթական կարեւոր կառոյց մըն է յիշեալ հիմնարկը: ԵՀԽ–ի ատենապետութեան շրջանին Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կարեւորութիւն տուած էր յիշեալ էքիւմենիք հիմնարկին, շեշտելով անոր կարեւոր դերը նոր սերունդի միջ–եկեղեցական կազմաւորման իմաստով:

 

Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց նաեւ «Միջազգային Աղօթքի Օր»ուան յանձնախումբի նախագահ Դոկտ. Ճոն Րոպ: Յիշեալ կառոյցը աղօթքի համաժողովրդային հաւաքներ կը կազմակերպէ աշխարհի բոլոր կողմերը, մասնակցութեամբ բոլոր կրօններուն: Դոկտ. Րոպ եկած էր նաեւ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալու ընդհանրապէս նման նախաձեռնութիւններու գծով եւ յատկապէս՝ Միջին Արեւելքէն ներս նման հաւաք մը կազմակերպելու հեռանկարով: Ողջունելով կրօնական կեանքին մէջ աղօթքին յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, Վեհափառ Հայրապետը իր վերապահութիւնը յայտնեց յատկապէս յիշեցնելով հետեւեալ կէտերը.– ա) Բոլոր կրօններու միասնական աղօթքը աստուածաբանական մօտեցումով լուրջ հարցեր կրնայ յառաջացնել: Հարկ է ըլլալ զգուշաւոր: բ) Նման աղօթքի հաւաքներ երբ միայն որոշ կրօններու կողմէ կը կազմակերպուին ու մանաւանդ՝ միայն քրիստոնեաներուն կողմէ, կրնայ տարբեր մեկնաբանութիւններու դուռ բանալ: գ) Մեր հաւատարմութիւնը մեր պատկանած կրօնի ճշմարտութիւններուն գծով պէտք է այլ ձեւերով արտայայտել՝ հեռու մնալով հրապարակային ու ցուցական երեւոյթներէ:

More News