News

Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան մէկուկէս միլիոն տոլար կը նուիրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ստանձնելով Պիքֆայայի վանքին մէջ միաբանական նոր շէնքի կառուցման բարերարութիւնը

19 February 2013

Արաբական Միացեալ Էմիրութեան ազգային ղեկավար դէմքերէն Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան, ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, սիրայօժար կերպով ստանձնեցին Պիքֆայայի մէջ միաբանական նոր շէնքի կառուցման բարերարութիւնը՝ յատկացնելով մէկուկէս միլիոն Ամ. տոլար:

 

Միաբանական նոր շէնքը պիտի բաղկանայ քառասուն սենեակներէ եւ 550մ3 ծաւալով ջրամբարէ մը: Շէնքին ճարտարապետն է Կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբի անդամներէն Տիար Վազգէն Չէքիճեան: Շինարարական աշխատանքներուն մօտէն կը հսկէ Կալուածոց յանձնախումբը: Աշխատանքները պիտի ամբողջանան ներկայ տարուան Հոկտեմբերին:

 

Սողոմոնեան ամոլին յղած իր շնորհակալական գիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ ուրախութիւնն ու բարձր գնահատանքը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած սիրոյն ու նախանձախնդրութեան համար, եւ կ’աւելցնէ ըսելով՝ «Մենք Ձեզ կը նկատենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարեկամներէն մէկը, եւ ուրախ ենք հաստատելով, որ այդ բարեկամութիւնը տարուէ տարի աւելի կը սերտանայ ու կ’ամրանայ՝ ի խնդիր մեր Սուրբ Աթոռին համազգային առաքելութեան առաւե՛լ հզօրացման»:

 

Տիար Հրայր Սողոմոնեան կարեւոր մասնակցութիւն բերած է Շարժայի եկեղեցւոյ շինութեան ու ներկայիս ան լծուած է Ապու Տապիի մէջ կառուցուող եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն: Արդարեւ, Տիար Սողոմոնեան նիւթապէս սատարած է ոչ միայն յիշեալ ծրագիրներուն իրագործման, այլ նաեւ շարք մը բարերարութիւններ կատարած է Սուրիոյ, Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ: