25 Փետրվարի, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ձեռնարկէ արեւմտահայերէնի յատուկ դասընթացքի

Արեւմտահայերէնի բիւրեղացումը ու անոր գործածութեան տարածումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար կը մնայ առաջնահերթ մտահոգութիւն: Այս ուղղութեամբ, անցնող վերջին տարիներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դիմեց որոշ շօշափելի քայլերու՝ կազմակերպելով համագումարներ, դասախօսութիւններ ու հանդիպումներ: Այս ծիրէն ներս, որպէս գլխաւոր նախաձեռնութիւն անհրաժեշտ է յիշել Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի նշանակումը: Յանձնաժողովը Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ արդէն իսկ սկսած է իր աշխատանքներուն:

 

Արեւմտահայերէնի բիւրեղացման ու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու շրջագիծէն ներս յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Հարցերու Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքը:

 

Յիշեալ դասընթացքին հետեւեալ նիւթերը կը ներկայացուին.– Ուղղագրութիւն, դասախօս՝ Սարգիս Կիրակոսեան, Քերականութիւն եւ Շարահիւսութիւն, դասախօս՝ Գեղանի Էթիեմեզեան, Շարադրութիւն եւ լեզուական ընթացիկ սխալներ, դասախօս՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Զրոյց Լեզուի Մասին, դասախօս՝ Ժիրայր Դանիէլեան, Լեզուական Ստուգաբանութիւն, դասախօս՝ Քրիստափոր Միքայէլեան, եւ Համակարգիչ դասախօս՝ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան:

 

Ներկայ տարուան դասընթացքը սկսաւ Յունուարին եւ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիս, շաբաթական երկու օր եւ չորս պահուան դրութեամբ: Անոր կը մասնակցին զանազան մարզերէ ներս ծառայող 26 հայորդիներ:

 

Կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր քաջալերանքն ու գնահատանքը արտայայտեց, յոյս յայտնելով որ այս դրական երեւոյթը նոր ծաւալ ստանայ յառաջիկային:

More News