5 Մարտի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ղարաբաղի փոխ-Վարչապետ Արթիւր Աղաբեկեանը

Երեքշաբթի 5 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց կարճ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխ–վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Ղարաբաղի դեսպան՝ Կարօ Քէպապճեանի:

 

Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու վերջին տարիներուն Ղարաբաղի իրագործումները եւ անոր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները:

 

Լսելէ ետք փոխ–վարչապետին զեկոյցը ու գնահատականը Ղարաբաղի պետութեան աշխատանքներուն ու առաջադրութիւններուն մասին, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Բակօ Սահակեանի ղեկավարութեամբ երկրէն ներս արձանագրած յաջողութիւննները, ինչպէս նաեւ նոր հորիզոններու բացուելու անոր պետութեան քաջութիւնը:

 

Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Ղարաբաղի հզօրացման ձգտող բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն: Ան նաեւ կոչ ուղղեց Սփիւռքահայութեան՝ վերանորոգ թափով եւ զանազան ձեռնարկներու ճամբով շարունակելու մասնակից դառնալ Ղարաբաղի զօրացման ու զարգացման աշխատանքներուն:

More News