14 Մարտի, 2013

Սրբազան համերգ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Հինգշաբթի 14 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 7-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր Տաճարէն ներս Մեծ Պահքի առիթով «Սրբազան Համերգ» տեղի ունեցաւ, հովանաւորութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին։

 

«Սրբազան Համերգ»-ին ելոյթ ունեցան հինգ Միաբան Հայրեր եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Բաժանմունքին Վարիչ եւ «Շնորհալի» երգչախումբին խմբավար՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի։

 

Համերգին ընթացքին կատարուեցան Աստուածաշնչական ընթերցումներ եւ Մեծ Պահքին նուիրուած շարականներ ու հոգեւոր երգեր։ Մոմերու պարզած խորհրդաւոր լոյսին ներքեւ ներկաները վայելեցին անցեալէն ժառանգ մնացած հոգեմտաւոր հարստութիւնները, վերաթարմացուցին իրենց հոգին ու միտքը եւ հաղորդուեցան հոգեւոր արժէքներով։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով յիշեցուց թէ ինչքան անհրաժեշտ են մեզի համար այսպիսի հոգեպարար երեկոները, ու ըսաւ. «Այս երեկոն հոգեպարար էր բառին վաւերական եւ ամբողջական իմաստով։ Այսպիսի առիթներ, մեր կեանքը կը լիցքաւորեն հոգեւոր արժէքներով։ Այս սրբազան շարականներուն ընդմէջէն մեզի պատգամ կայ, որ կը թելադրէ կառչի՛լ մեր արմատներուն, կառչի՛լ մեր հոգեւոր արժէքներուն՝ կեանքի փորձութիւններուն դիմաց։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Դպրեվանքի կարեւորութեան, ըսելով. «Անթիլիասը սոսկ վայր չէ, Անթիլիասը առաքելութիւն է։ Եւ այդ առաքելութիւնը կը սկսի Դպրեվանքէն, ուրկէ եկած են Միաբանները, ուրկէ եկած եմ նաեւ՝ ես։ Այսօր Դպրեվանքը այս սրբազան համերգով՝ ինքզինք եղաւ, ինքզինք արտայայտեց»։ Իր խօսքը եզրափակելով Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած մաղթելով, որ անսասան պահէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, համայն Հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան, յԱրցախ, ի Սփիւռս աշխարհի եւ մանաւանդ Սուրիահայ մեր ժողովուրդին, որ այս օերերուն դժուար պայմաններէ կ’անցնի։

More News