17 Մարտի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը մտերմիկ հանդիպում կ’ունենայ Ֆրանսիս Պապին հետ

Ն.Ս. Ֆրանսիս Քահանայապետին գահակալութեան համար Հռոմ առաքուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմող Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկան ժամանեց Կիրակի, 17 Մարտ 2013-ին եւ իջեւանեցաւ Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու Ս. Մարթա հիւրանոցին մէջ, ուր նաեւ ժամանակաւորապէս կ’ապրի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պապը։

 

Իրիկուան ժամը 8.00ին, Նարեկ Սրբազան բացառիկ պատեհութիւնը ունեցաւ Պապին սեղանակից դառնալու՝ հիւրանոցի սեղանատան մէջ։ Իր համեստութեամբ յատկանշուող Ֆրանսիս Պապը անակնկալօրէն միացաւ հոգեւորականներու փոքր խումբին եւ լայն ժպիտով «բարի ախորժակ» մաղթելէ ետք գրաւեց բոլորին համահաւասար պարզ աթոռ մը եւ մտերմօրէն մասնակցեցաւ խօսակցութեան։

 

Ընթրիքի աւարտին, Նարեկ Սրբազան առանձինն հանդիպեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ, Նորին Սրբութեան փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները, հակիրճ կերպով խօսեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին եւ յատկապէս ըսաւ. «Ձերդ Սրբութիւն, ինծի համար պատիւ էր այսօր ձեզի սեղանակից ըլլալը։ Ձեր մէջ յատկապէս կ’ողջունեմ Յիսուսի՝ Բարի Հովիւին ճշմարիտ աշակերտն ու հետեւորդը։ Դուք քրիստոնեաներուս եւ բոլոր մարդկութեան կեանքին մէջ խոնարհութեան տիպար մը հանդիսացաք։ Կը մաղթեմ, որ Աստուած ձեզի քաջառողջութիւն պարգեւէ՝ ձեր ծանր լուծը կարենալ շալկելու համար»։ Ապա Սրբազաբը ըսաւ. «Մենք, հայերս, ձեր մէջ կը տեսնենք մեծ բարեկամ մը։ Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ իմ բոլոր հայրենակիցներուս, խնդրանքս է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ձեր ձայնը աւելի լսելի դարձնէք»։

 

Սրբազան Քահանայապետը գլխու շարժումով իր հաւանութիւնը տալէ ետք, ըսաւ. «Աղօթեցէք ինծի համար եւ եղբայրական ողջոյններս հաղորդեցէք Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Յուսամ մօտ ատենէն կը տեսնուինք»։

More News