20 Մարտի, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը կը շնորհաւորէ Ֆրանսիս Ա. Պապը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով Վատիկան ժամանած պատուիրակութիւնը՝ յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիկեանի, Երեքշաբթի, 19 Մարտ 2013, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարին դիմաց, ներկայ գտնուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ն.Ս. Ֆրանսիս Սրբազան Քահանայապետի գահակալութեան արարողութեան եւ մատուցած սուրբ պատարագին։

 

Նոյն օրը, կէսօրուան ճաշին, այլ Եկեղեցիներու պատուիրակութիւններուն հետ, Ս. Աթոռիս ներկայացուցիչները սեղանակից դարձան Ֆրանսիս Պապին։

 

Չորեքշաբթի, 20 Մարտ, առաւօտեան ժամը 11.00-ին, Ֆրանսիս Պապ ընդունեց զանազան Եկեղեցիներէ ժամանած հիւրերը։ Յանուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ս. Աթոռիս պատուիրակները պաշտօնապէս շնորհաւորեցին Սրբազան Քահանայապետը եւ պտղալից գահակալութեան բարեմաղթութիւններ կատարեցին։ Իր հերթին, Պապը իր եղբայրական ողջոյնները յղեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

More News