28 March, 2013

Աւագ Հինգշաբթի- ՙԼսենք Քրիստոսի սիրոյ պատգամը ու սիրենք զիրար, սէրը դարձնելով մեր կեանքին առանցքը՚, րսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի 28 Մարտ 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Առաւօտեան Ժամերգութիւն, ապա Կարգ Ապաշխարողաց եւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան ու հաղորդուեցան:

 

Նոյն օրը յետ միջօրէի ժամը 4-ին, Մայր Տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ղենջակ կապած, Յիսուսի Տասներկու աշակերտները խորհրդանշող տասներկու դպրեվանեցիներու, սարկաւագներու եւ վարդապետներու ոտքերը լուալէ ետք, տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Սէրը քրիստոնէական կեանքին էութիւնը կը կազմէ: Սա սովորական հաստատում մը չէ եւ ոչ ալ սոսկ բնորոշումը քրիստոնէական կրօնին: Ան աւելին է. չմոռնանք, որ Աստուած իր էութեամբ ու ստեղծագործութեամբ սէր է սէրը Աստուծոյ ստորոգելիներէն մէկը չէ. Աստուծոյ գոյութեան ու ինքնարտայայտութեան, այլ խօսքով՝ յայտնութեան մեկնակէտը ու նպատակակէտը սէրն է: Չմոռնանք, որ մարդուն նկատմամբ ունեցած սէրէն մղուած, Աստուած իր Որդին ղրկեց աշխարհ: Միշտ չմոռնանք, որ Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին աստուածային նո՛յն սէրէն մղուած իր արիւնը թափեց մարդուն համար: Հետեւաբար, քրիստոնէութեան էութիւնը սէր ըլլալով, նաեւ անոր պատգամը սէր է»։ Անդրադառնալով Ոտնլուայի արարողութեան, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ոտնլուայի արարողութիւնը այդ պատգամին շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է: Աստուած այնքան սիրեց մարդը, նոյնիսկ խոնարհեցաւ մարդուն առջեւ, անոր ոտքերը լուաց, մեղքերը սրբեց եւ դէպի փրկութիւն առաջնորդեց: Հետեւաբար, լսենք Քրիստոսի սիրոյ պատգամը ու սիրենք զիրար, սէրը դարձնելով մեր կեանքին առանցքը»։

 

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7-էն մինչեւ ուշ գիշեր Մայրավանքը խճողուած էր հաւատացեալ բազմութեամբ ու յատկապէս հայ երիտասարդութեամբ, որոնք ներկայ գտնուեցան «Լացի Գիշեր»ուան խորհրդաւոր արարողութեան։ Խաչելութեան Կարգի ընթացքին քարոզեց Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, որ հաւատացեալներուն Փրկագործական խորհուրդին մասին խօսեցաւ։

 

Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանեա՛» աղօթքով ու Կենաց Փայտի օրհնութեամբ, ուշ գիշերին հաւատացեալներ մեկնեցան Մայրավանքէն, Աւագ Հինգշաբթիի խորհուրդով վերանորոգուած։