1 Հոկտեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՍԱՄՈՒԷԼ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայրենի բեմադրիչ եւ ռեժիսոր՝ Սամուէլ Թադեւոսեանը եւ Հ.Յ.Դ. «Շուշի» կոմիտէի քարոզչական մարմինի ղեկավար՝ Կիրօ Գարակէօզեանը՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայաստանի դեսպատանատան քարտուղարներէն՝ Վլատիմիր Պօղոսեանի:

 

Պարոն Թադեւոսեանը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր կատարած աշխատանքները եւ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ վերջերս ցուցադրուած Արցախի նուիրուած «Յարատեւ Կռիւ» փաստագրական ժապաւէնին մասին:

 

Նորին Սրբութիւնը, առաջին հերթին, բարձր գնահատեց հայրենի արուեստագետին աշխատանքը՝ շեշտելով համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ հայկական արժէքներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը, ի մասնաւորի հայկական արուեստն ու մշակոյթը, եւ անոր մաղթեց նորանոր ձեռքբերումներ ու յաջողութիւններ ի սպաս հայրենիքի հզօրացման ու մշակոյթի պահպանման:

 

Աւարտին, բեմադրիչը Հայրապետին յանձնեց իր նկարած ժապաւէններէն քանի մը օրինակներ։

More News