2 September, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՓՈԽ-ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Կիրակի, 2 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ՝ Վահրամ Բալայեանի։ Անոր կ՚ընկերանար Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբը։

Անոնք նախ մասնակցեցան Վանքի մատրան մէջ մատուցուող Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ ապա հանդիպում ունեցան Նորին Սրբութեան հետ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ հոն իրագործուող ծրագիրներուն։ Ներկաները նաեւ ունկնդրեցին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ ամեակին առիթով Վեհափառ Հայրապետին ուղղած պատգամը։

Յայտնենք, որ օր մը առաջ, Հայրապետին այցելած էր Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամներէն Դաւիթ Իշխանեանը եւ Անոր յանձնած էր յուշանուէր մը՝ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին կողմէ։

More News