1 Սեպտեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետները՝ Գառնիկ Մկրտիչեանն ու Կարօ Սալխանեան։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին 31 Օգոստոս 2018-ի Երեսփոխանական ժողովի ընթացքին տեղի ունեցած նոր առաջնորդի ընտրութեան արդիւնքը՝ յանձինս Նարեկ Սրբազանին։

 

Հայրապետը, առաջին հերթին, իր գնահատանքը յայտնեց Շահէ սրբազանին, որ անցնող հինգ տարիներու ընթացքին նուիրումով ծառայեց, եւ ողջունելով Նարեկ Սրբազանին ընտրութիւնը՝ յոյս յայտնենց, որ ան եւս պիտի շարունակէ նուիրումով ու յանձնառութեամբ կատարել իր առաջնորդական ծառայութիւնը Լիբանանի հայութեան։ Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական վաւերացումը գրաւոր կերպով փոխանցեց երկու ատենապետներուն եւ իր օրհնութիւնը տուաւ նորընտիր առաջնորդին։

More News