30 August, 2018

ՃԷԶԻՐԷԷՆ ՆԵՐՍ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԶԳԱՅՈՒՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա., Ն.Ս. ԱՖՐԱՄ Բ. ԵՒ Ն.Ս. ԵՈՒՆԱՆ Գ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ն.Ս. Աֆրամ Բ. եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանէն ներս, յատկապէս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններու շուրջ։

 

Յայտնենք, որ վերջին շաբաթներուն յիշեալ շրջանէն ներս տիրական ներկայութիւն դարձած քիւրտերու իշխանութիւնը կարգ մը քայլերու դիմած է համայնքային դպրոցներէն ներս շարք մը կարգադրութիւններ իր հայեցողութեամբ կատարելու որոշումով։

 

Առաջարկուեցաւ, որ թէ՛ Դամասկոսի իշխանութեան ճամբով եւ թէ քրտական իշխանութեան հետ բանակցելով բարւոք լուծում որոնեն ստեղծուած դժուար կացութեան։ Նոյն օրն իսկ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը մեկնեցաւ Դամասկոս, իսկ ասորի կաթոլիկ պատրիարքը՝ Հալէպ։

More News