29 August, 2018

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՐԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Երեքշաբթի, 28 Օգոստոս 2018-ին, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Զուիցերիոյ նախագահը՝ Ալան Պերսէ Տիմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ։ Հանդիպումին սկիզբը յաջորդաբար խօսք առին մարոնիթ պատրիարքը եւ նախագահը։

 

Ապա, խօսք առնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յայտնեց՝ թէ «Արեւմուտքի Զուիցերիոյ ու Արեւելքի Զուիցերիոյ՝ Լիբանանի այս հանդիպումը իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի հասարակաց աւանդութիւններ ու արժէքներ ունեցող այս երկու երկիրներուն համար։ Լիբանանը միշտ նկատուած էր Արեւելքի Զուիցերիան՝ իր կրօնական, մշակութային ու ցեղային բազմազանութեամբ, քաղաքական չէզոքութեամբ եւ կամուրջի դերակատարութեամբ արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ։ Սակայն, ուրիշներ փորձեցին քանդել Լիբանանը, դժբախտաբար լիբանանցիներու ձեռքով։ Սակայն Լիբանանը չկորսնցուց իր իւրայատկութիւնը։ Անհրաժեշտ է վերականգնել Միջին Արեւելքի Զուիցերիան եւ Զուիցերիոյ դերը այս ուղղութեամբ կը նկատեմ էական»։

 

Վեհափառ Հայրապետը յայտնելէ ետք, թէ ինք Զուիցերիան մօտէն կը ճանչնայ՝ հոն ուսանած ըլլալով, ինչպէս նաեւ 15 տարիներ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին ատենապետութիւնը վարելով, ծանօթ է անոր ունեցած առաւելութիւններուն եւ մանաւանդ այն հասարակաց արժէքներուն, որոնք գոյութիւն ունին Զուիցերիոյ ու Լիբանանի միջեւ։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Զուիցերիոյ նախագահին թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը, ուր յստակ կերպով պատրաստակամութիւն կը յայտնէ շարունակելու օգտակար հանդիսանալ սուրիացի գաղթականներուն։ Այս ծիրէն ներս Հայրապետը ըսաւ. «Թէ՛ պաղեստինցի եւ թէ սուրիացի գաղթականները լիբանանցին կը նկատէ իր եղբայրներն ու քոյրերը, իր կարելիութիւնները լայնօրէն տրամադրեց անոնց, սակայն անոնց իրաւունքն է վերադառնալ իրենց երկիրները՝ Պաղեստին եւ Սուրիա։ Հետեւաբար, մէկ կողմէ մարդասիրական օգնութիւնը պէտք է շարունակել որպէս միջոց եւ միւս կողմէ պէտք է աշխատիլ, որ անոնք վերադառնան իրենց երկիրները։ Յատկապէս Լիբանանի մէջ, որպէս համայնքային դրութիւն ունեցող երկիր, մեծ թիւով գաղթականներու ներկայութիւնը կրնայ համայնքային ու քաղաքական լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Մարդասիրական օժանդակութիւն եւ քաղաքական որոշում պէտք է սերտօրէն ներդաշնակուին»։

 

Խօսելով Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց Զուիցերիոյ նախագահին, թէ «Լիբանանը մէկ ընտանիք է. նոյն ընտանիքէն ներս ներքին դժուարութիւնները բնական են. սակայն, Լիբանանի դիմագրաւած լուրջ հարցերը ուրիշներուն հարցերն են։ Յատկապէս համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, Միջին Արեւելքէն ներս առկայ հարցերը, առճակատումները իրենց հետեւանքները կ՚ունենան Լիբանանէն ներս։ Դժբախտաբար, լիբանանցիները սովոր են հարցերուն հետ գոյակցիլ, փոխանակ հաւաքական ճիգով այդ հարցերուն լուծման ճամբաներ որոնելու։ Այս ծիրէն ներս, Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդումը, բոլոր կողմերը ներկայացնող կառավարական կազմութիւնը, շրջանի հարցերէն առաւելագոյն չափով հեռու մնալու ճիգը Լիբանանի համար պէտք է դառնայ ինքնահզօրացման ամէնէն ազդու կերպը»։

 

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առիթ ունեցաւ նախագահին հետ զրուցելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, Միջին Արեւելքի առնչուած հարցերուն եւ Հայաստանի ներքին կացութեան առնչուած նիւթերուն մասին։

Յայտնենք, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին Վեհափառ Հայրապետին Զուիցերիա տալիք պաշտօնական այցելութեան առիթով, Զուիցերիոյ նախագահը փափաք յայտնեց հանդիպելու Նորին Սրբութեան հետ՝ Պեռնի մէջ։

More News