25 Օգոստոսի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱՍՍԱՆԻ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ ԻՇԱՆԽ Ն.Ս. ՂԱՐԻՈՍ ԷԼ-ՉԵՄՈՐ Է. ԻՇԽԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց Ղասսանի Արքայական Տան Իշխան Նորին Վսեմութիւն Ղարիոս Էլ-Չէմոր Է.։ Անոր կ՚ընկերանային միջ-եկեղեցական երկխօսութեան միջազգային տնօրէն՝ Անթուան Գալայճեան, հանրային կապերու պատասխանատու՝ Փետրօ Աշգար եւ Իշխանի օգնական՝ Քարլ Տումիթ։

 

Վեհափառ Հայրապետին ու Իշխանին միջեւ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Ղասսանի Արքայական Տան կողմէ մշակուած աշխատանքներուն, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ամրացնելու եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան։

 

Այս առիթով, Ղասսանի Արքայական Տունը Նորին Սրբութեան շնորհեց Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի ամենաբարձր կարգի շքանշանաը։

 

Հանդիպման աւարտին, Հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Մէկ Ձայն Քրիստոնեաներու Համար» նախաձեռնութեան հետ, որ միջազգային բազմաճիւղ լրատուամիջոց մըն է՝ հիմնուած Արքայական Տան կողմէ։

 

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը անդամ է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ որպէս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն։

More News