20 August, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԽԱԱԳԱՀ ԱՄԻՆ ԺԸՄԱՅԷԼԸ

Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին նախագահին՝ Ամին Ժըմայյէլին։

Շուրջ ժամ մը տեւած այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքն ու Լիբանանը յուզող քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային հարցերու։

More News