17 August, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրիի անձնական ներկայացուցիչները։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Խորհրդարանի նախագահին բարեմաղթութիւնները Ս. Աստուածածնի տօնին առիթով եւ պաշտօնապէս հրաւիրել Մուսա Սատրի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած այժմէական հարցերու քննարկում կատարել։ Հանդիպան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը այդտեղ ներկայ պատկերասփիւռի կայանին հետեւեալ յայտարարութիւնները կատարեց.- ա) Մուսա Սատրը ոչ միայն շիիթ համայնքին պատկանող յարգելի անձնաւորութիւն մըն է, այլ նաեւ ամբողջ Լիբանանի համար։ Մեր երիտասարդութեան օրերուն, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան նուիրուած համագումարի մը շրջագծէն ներս, Մենք ճանչցած ենք իմամ Մուսա Սատրը եւ իր մէջ տեսած քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան նկատմամբ իր ունեցած յստակ կեցուածքով ու ամբողջական յանձնառութեան։ բ) Մենք կոչ կ՚ուղղենք քաղաքական պատասխանատուներուն ու յատկապէս Հանրապետութեան ու Խորհրդարանի նախագահներուն եւ Վարչապետին, կարելի փութով կազմելու նոր կառավարութիւնը, որովհետեւ անոր կազմութեան ուշացումը կրնայ իր բացասական հետեւանքները ունենալ երկրէն ներս թէ դուրս։ գ) Լիբանանի հայ համայնքը, ինչպէս միշտ, պատրաստ է իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու նոր կառավարութեան կազմութեան եւ ընդհանրապէէս Լիբանանի զարգացման ու յառաջդիմութեան նպաստող բոլոր աշխատանքներուն։

More News