14 Օգոստոսի, 2018

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԽՕՍՔՈՎ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

Ուրբաթ, 10 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական խտացեալ դասընթացքին փակումը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին թելադրութեամբ եւ նախագահութեամբ այս ծրագիրին նպատակն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի թեմերու երիտասարդներուն մատակարարել թէ՛ եկեղեցագիտութիւն, եւ թէ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ ծանօթացնել զանոնք Կաթողիկոսարանի առաքելութեան:

 

Այս առումով, Նորին Սրբութիւնը բազմաթիւ անգամներ այս երիտասարդները հրաւիրած էր պաշտօնական ու անպաշտօն զրոյցներու, լսած անոնց մտահոգութիւններն ու առաջարկները, ականջալուր եղած արեւմուտքի հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու խրախուսած զանոնք աշխատիլ առանց յուսահատելու եւ յանձնուելու։

 

Փակման նիստի ընթացքին խօսք առնելով երիտասարդներու պատասխանատու Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, հակիրճ կերպով նկարագրեց երկու շաբթուան դասընթացքը եւ անկէ բղխած նախնական տպաւորութիւնները։ Հայր սուրբը ապա խօսքը փոխանցեց մասնակիցներուն, որպէսզի անգամ մը եւս արտայայտեն իրենց մտածումները եւ արժեւորեն ծրագիրը։

 

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, մասնակիցները խօսեցան ծրագիրին կարեւորութեան, այժմէականութեան ու նպաստին մասին՝ տալով բարելաւման առաջարկներ։ Երիտասարդները յայտնեցին, որ գիտելիքներու կողքին իրենց փորձառութիւնը հարստացուցած էր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կեցութիւնն ու համայնքին ծանօթանալը։ Անոնք յայտնեցին, թէ հիացած էին եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան կողքին տարած ընկերային առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան, ինչ որ հայ եկեղեցւոյ յատկանիշներէն մէկն է։

 

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս գնահատեց անոնց մասնակցութիւնը ու ընդգծեց եկեղեցւոյ բարեկարգութեան անհրաժեշտութիւնը եւ անոր մէջ երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը յանձնարարեց վերադառնալ իրենց ծուխերը վերանորոգուած ու այդ կորովով վերանորոգել իրենց եկեղեցիները։ «Անթիլիասի Մայրավանքը ամէն բանէ առաջ առաքելութիւն է, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին եկեղեցին է, հետեւաբար, թող ժողովուրդը մասնակից դառնայ այս առաքելութեան իր կարողականութիւններով, որպէսզի միշտ երիտասարդ մնայ մեր եկեղեցին», ըսաւ Հայրապետը եզրափակելով իր խօսքը։

More News