12 Օգոստոսի, 2018

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին, երկու առիթներով,  Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան երեսփոխանները՝ Ալեն Սիմոնեան, Լենա Նազարեան եւ Հրաչեայ Յակոբեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան Հայաստանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցերուն շուրջ։

 

Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը իր կարգին անգամ մը եւս ողջունեց Նիկոլ Փաշինեանի կատարած աշխատանքը՝ Հայաստանէն ներս օրէնքի գերիշխանութիւնը հաստատող ու ժողովուրդին կենսամակարդակը բարձրացնող։ Միաժամանակ ան անդրադարձաւ Հայաստանի ու Սփիւռքի գործակցութեան կենսական կարեւորութեան՝ շեշտելով Սփիւռքին առանցքային դերը Հայաստանի ու Արցախի առաւել ծաղկման ու հզօրացման աշխատանքներուն մէջ։

More News