10 August, 2018

ՈՒԽՏԵՐԹ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի շաբաթը տեղի ունեցաւ 6-11 Օգոստոս 2018-ին։ Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիրակութեան Բաժանմունքը կազմակերպած էր Աստուածամօր նուիրուած յատուկ արարողութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ խորհրդածութեան պահեր։

 

Ուխտի շաբթուան ընթացքին, ամէն առաւօտ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը Վանքի մատրան մէջ հետեւեցաւ Կաթողիկոսարանի երիտասարդ միաբաններու կողմէ ներկայացուած հոգեւոր դասախօսութիւններուն, իսկ երեկոները մասնակցեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագին. Ս. Պատարագները մատուցեցին Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերը։ Իւրաքանչիւր Պատարագի Ս. Խորանի սպասարկութիւնն ու երգեցողութիւնը կատարեցին թեմի եկեղեցիներուն դպրաց դասերը։

 

Ուրբաթ, 10 Օգոստոս 2018-ին, յետ առաւօտեան աղօթասացութեան, տեղի ունեցաւ աւանդական աղօրհնէքի արարողութիւնը եւ ոչխարներու զենումը. միաբան հայրերն ու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին շուրջ համախմբուած կամաւորները լծուեցան մատաղ պատրաստելու գործընթացին։ Նոյն օր երեկոյեան տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ աւելի ուշ՝ հսկում, իսկ գիշերուան ժամը 10:00-ին մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ։

 

Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով ուխտերթութիւնը սկիզբ առաւ Անթիլիասի Մայրավանքէն դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք։ Այս տարի հայ եկեղեցւոյ ուխտաւորներուն, միաբան հայրերու, քահանայից դասին, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն միացան նաեւ ոչ-հայ ուխտաւորներ։ Շուրջ 5 ժամ տեւած երթէն ետք, աւելի քան 1000 ուխտաւորներ մուտք գործեցին Ս. Աստուածածին Վանք ու դիմաւորուեցան Նորին Սրբութեան կողմէն։ Հոն, ուխտաւորները միասնաբար երգեցին «Տէր ողորմեա՛»­-ն, որմէ ետք Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը։

 

Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց ուխտերթին մասնակիցները` հաստատելով, որ անոնք հաւատքով, իրենց հոգիներուն մէջ նուիրական ուխտ մը ունենալով քալեցին Անթիլիասէն մինչեւ Պիքֆայա, որովհետեւ ուխտագնացութիւնը քրիստոնէական հաւատքին ամէնէն հարազատ արտայայտութիւններէն մէկն է։ «Հաւատքի մղումով քալեցիք, ինչպէս մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս քալեց դէպի Գողգոթա, հաւատքով, վաղուան յարութեան արշալոյսի տեսիլքով», ըսաւ ան։

 

Հայրապետը շատ հոգեպարար նկատեց այն, որ մեր ժողովուրդի զաւակները քրիստոնէական հաւաքի դարաւոր մղումով, նոյն սիրով, յոյսով, քրիստոնէական հաւատքին, աւետարանական արժէքներուն, Քրիստոսի ուսուցումներուն իրենց կապուածութիւնը, հաւատարմութիւնը կը դրսեւորեն` շեշտելով, որ քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը կը կազմէ Քրիստոսին մեր ամուր կապուածութիւնը։ Հայրապետը յիշեցուց Քրիստոսի այն խօսքը, երբ ըսաւ. «Ով, որ ինծի կը հաւատայ, թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ»` աւելցնելով, որ ուխտագնացները գործնապէս դրսեւորեցին իրենց քրիստոնեայ ըլլալը, Քրիստոսին հաւատալը։ Կաթողիկոսը նաեւ դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին միշտ ալ նոյն գիտակցութեամբ եւ հաւատքով քալեց Քրիստոսի ետեւէն եւ բոլոր փոթորիկներուն դիմաց մնաց կանգուն։ «Քրիստոս եղաւ մեր հաւատքի ժայռը, պատմութեան բոլոր փոթորիկներուն դիմաց մեր ապաւէնը, եւ այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները, մեր պապերուն հաւատարմութեամբ, ուխտագնացութիւն կատարեցին», շեշտեց ան։

 

Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ Աստուած կը դիտէ վերէն, իսկ մեր պապերը` պատմութեան խորերէն։ Այս ուխտերթը հաւատարմութեան կնիքն է հանդէպ Քրիստոսի, հաւատարմութեան գեղեցիկ արտայայտութիւնն է մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններուն, մեր պապերուն սրբազան հաւատքին նկատմամբ։

 

Իր խօսքի աւարտին ան բարձր գնահատեց հաւատքով քալողները, որոնք քալեցին նաեւ ուրիշներուն համար, իրենց միանալու կարողութիւն չունեցողներուն համար` աղօթելով, որ Բարձրեալը հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն ուխտերը ի կատար ածէ, հիւանդներուն առողջութիւն, ճամբորդներուն ապահովութիւն, գործոց յաջողութիւն, ցաւի մէջ գտնուողներուն երջանկութիւն, մեր եկեղեցւոյ պայծառութիւն, Հայաստանի մեր հայրենիքին առաւել հզօրացում, Արցախի անկախութեան ամրապնդում, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հատուցում շնորհէ։

 

«Ա՛յս է, եւ այս պէտք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մեր ժողովուրդի բոլորը զաւակներուն ուխտը։ ո՜վ Աստուած, լսէ մեր ժողովուրդին ուխտը այսօր. դարեր շարունակ այս փոքր ածուն հաւատարիմ եղաւ Աստուծոյ եւ Անոր Որդւոյն եւ այսօր նոյն հաւատարմութիւնը կը վերահաստատէ։ Կ’աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհներով լեցնէ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն, իրենց ընտանիքներուն, մեր գաղութներուն եւ մեր ազգին կեանքը», իր պատգամը աւարտեց Կաթողիկոս։

 

Աւարտին ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ հիւրասիրուեցան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ։