30 Հուլիսի, 2018

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներէն ու համալսարաններէն ներս ուսանող շուրջ 20 երիտասարդներ (Ա.Մ.Ն.ու արեւմտեան թեմ 4 հոգի, Ա.Մ.Ն.ու արեւելեան թեմ 12 հոգի, Գանատայի թեմ 1 հոգի), որոնք պիտի հետեւին երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան, հայ դատի եւ ընկերաբարոյական մարզերուն առնչուած նիւթերուն խտացեալ դասընթացքին։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ այս դասընթացքին բացումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 30 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։ Բացման հանդիսութեան ներկայ էին դասընթացքներու դասախօսներէն Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան եւ Փրոֆ. Ճոն Փիրրի։

 

Բացումին իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց եւ ծրագիրին առաջին դասախօսութիւնը տուաւ Նորին Սրբութիւնը։ Բարի գալուստ մաղթելէ ետք երիտասարդներուն, Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս ծրագիրին անոնց ընդառաջելուն ու ընդգծեց, որ թէեւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէ կու գան, սակայն կը պատկանին մէկ ազգի ու մէկ եկեղեցւոյ՝ աւելցնելով, որ ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր մտածումներուն կեդրոնը։ Իւրաքանչիւր մասնակիցի տարբեր միջավայրէ գալը եւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան իր իւրայատուկ ներդրումը պիտի հարստացնէ այս փորձառութիւնը։ Այս դասընթացք-զրոյցներուն ընդմէջէն պիտի փորձենք մեր եկեղեցւոյ աւանդական արժէքները դիտել ներկայ դարու երիտասարդներուն մտածելակերպին լոյսին տակ։

 

Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց, որ այս ծրագիրը ոչ միայն գիտելիքներ ամբարելու առիթ մըն է, այլ նաեւ այդ մէկը ծառայութեան վերածելու մարտահրաւէր։ Հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը չի սահմանափակուիր Ս. Խորանի ծառայութեամբ, այլ նաեւ գործօն մասնակից դառնալով հայ կեանքին մէջ։ Այս իմաստով, Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը իր կառավարման մէջ հոգեւորականներու կողքին աշխարհականներ ներառել է եւ անոր համար ան ժողովուրդին եկեղեցին է։

 

Հայրապետը ապա ներկայացուց դասախօսութիւն մը, որուն նպատակն է մասնակիցներուն հայթայթել տեղեկութիւն հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, անոր միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական գործունէութեան, ընկերաբարոյական հարցերու ու հայ դատի իր ներդրումին մասին։ Այս իմաստով վերոյիշեալ դասախօսներուն պիտի միանան Դոկտ. Մոհամմատ Սամմաք, Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան, Տիկ. Սեդա Խտըշեան եւ Դոկտ. Յովհաննէս Կէօքճեան։

 

Նորին Սրբութիւնը նաեւ հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց Լիբանանի հայ գաղութը ու հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը համայնքային դրութեամբ գործող Լիբանանի մէջ։

 

Բացման հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մասնակիցներու ծանօթացում, իսկ երիտասարդները շրջելով Անթիլիասի Մայրավանքը, ծանօթացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բաժանմունքներուն ու գործելաոճին։

 

Աւարտին, տեղի ունեցաւ քննարկման պահ ու ընկերային մթնոլորտի մէջ երիտասարդները առիթ ունեցան զրուցելու Վեհափառ Հայրապետին հետ։

More News