24 July, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 100-ԱՄԵԱԿԸ

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարին 100-ամեակն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան։ Այս առիթով յատուկ ձեռնարկներու ճամբով Երեւանի մէջ կը նշուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան մասնակից դարձան հանդիսութիւններուն։ Պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին Հայր Սուրբը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակը։

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբութեան Սրբատառ Կոնդակը.-

 

 

ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՈՐԴՒՈՑՆ ՄԵՐՈՑ ԵՒ ՀԱՐԱԶԱՏԱՑՆ ՍՐԲՈՅ ԱԹՈՌՈՅՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք ձեզ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխահացրիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը։

 

Ներկայ տարին 100-ամեակն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.)։ Արդարեւ, 1918-ին Պոլսոյ մէջ Շաւարշ Քրիսեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոμեան եռեակին կողմէ հիմնուած մարմնակրթական այս Միութիւնը իր եզակի դերը ունեցաւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Եզակի դեր մը, որ չսահմանափակուեցաւ միայն մարզական բնագաւառէն ներս, այլ ներառեց նաեւ հայ կեանքի ընկերային, կրթական, մշակութային, պահանջատիրական մարզերը։ Եզակի դեր մը, որ չմնաց միայն տեղական ու տեղայնական պայմաններուն ու մտահոգութիւններուն առնչուած, այլ եղաւ գերազանցօրէն համահայկական, Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս եւ Հայաստանի ու Արցախի վերանկախացումէն ետք նաեւ՝ հայրենի հողին վրայ դառնալով կենդանի ներկայութիւն։ Եզակի դեր մը, որ երբեք չդարձաւ լուսանցքային, այլ իր զօրեղ ազդեցութիւնը ունեցաւ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ։ Վերջապէս, եզակի դեր մը, որ եղաւ ու մնաց համապարփակ, ազգային ձգտումներուն ու աւանդութիւններուն կենսագործման շաղախելով նաեւ մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները։

 

Այսպէ՛ս եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հարիւր տարիներ շարունակ։ Ա՛յս ոգիով ու տեսլականով գործեց ու կազմակերպեց։ Ա՛յս հաւատքով ու յանձնառութեամμ նոր սերունդներուն՝ ազգին ու հայրենիքին համար ապրելու ու ծառայելու գիտակցութիւնը ու նուիրումը ներարկեց։

 

Արդ, հարիւրամեայ իր ծառայութեամբ բեղմնաւոր ու հզօր Հ.Մ.Ը.Մ.-ը արժանի է իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան բարձր գնահատանքին ու խոր յարգանքին։ Կառոյցները միջոց են. էականը ու ճառագայթողը՝ ծառայութեամբ թրծուած նպատակասլաց գործն է։ Այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ դար մը ամբողջ նուիրական առաքելութիւն մը հաւատարմօրէն կատարած ըլլալու արդար հպարտութեամբ ու խոր ցնծութեամբ։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայրապետները միշտ գնահատողը ու քաջալերողը եղած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ Անոնց արդար գնահատանքին կը միացնենք նաեւ Մեր ջերմ գնահատանքը՝ համահայկական ոգիով, պահանջատիրական կամքով, հայակերտումի յանձնառութեամբ ու հայրենիքի հզօրացման ի խնդիր գործող ու ծառայող Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։

 

Վստահ ենք, որ 100-ամեակը նոր մարտահրաւէր մը պիտի դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին՝ առաւել նուիրումով շարունակելու իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի։

 

Կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ միշտ ամուր ու կենսունակ պահէ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, ամրացնէ անոր շարքերը ու զօրացնէ անոր մշակներուն ազգին ծառայելու կամքը։

 

Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ. Ամէն։

 

 

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

More News