20 Հուլիսի, 2018

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ԱՂՕԹԵՆՔ ՀԱՒԱՏՔՈՎ»

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազնիւ մեկենասութեամբ «Հայոգի» մատենաշարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Աղօթենք Հաւատքով» խորագրեալ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի գրքոյկը՝ ներառեալ շարք մը աղօթքներով։

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ գրքոյկը լոյս տեսաւ 100.000 տպաքանակով եւ կը բաժնուի մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել Ս. Պատարագի հոգեպարար արարողութեան։

More News