17 July, 2018

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՈՐԲԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՆՆՋԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց «Թռչնոց Բոյն»՝ իրազեկ դառնալու արդէն իրենց աւարտին հասած շինարարական աշխատանքներուն:

 

Ինչպէս յայտնած էինք նախապէս, թէ արժանթինահայ Տիանա Տէր Յովսէփեանի բարերարութեամբ, «Թռչնոց Բոյն»ի ամենահին կառոյցներէն մէկը ամբողջութեամբ վերանորոգութեան ընթացքի մէջ էր՝ որբերուն համար լայն կարելիութիւններով յարմարաւէտ ննջարաններ ստեղծելու:

 

Յայտնենք, որ բարերարուհին այս բարերարութիւնը ստանձնած է ի յիշատակ իր եղբօր՝ ազգային բարերար Վահան Տէր Յովսէփեանի:

 

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը «Թռչնոց Բոյն»ի պաշտօնէութեան առջեւ խօսք առնելով՝ գնահատեց ազնուահոգի բարերարուհին, միաժամանակ յայտնելով, որ անոր հանգուցեալ եղբօր՝ Վահանին մօտէն ծանօթ եղած է։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց «Թռչնոց Բոյն»ին կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ ոչ միայն որպէս յուշարար մեր ժողովուրդի յիշողութեան ցեղասպանութեան ու որբահաւաքի առնչուած, այլ նաեւ Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս այն միակ տեղը, որ տունն է մեր ժողովուրդի այն բոլոր զաւակներուն, որ ինչ-ինչ պատճառներով կարօտ են խնամքի ու հոգատարութեան։

More News