16 Հուլիսի, 2018

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 16 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի նորանշանակ դեսպան՝ Դոկտ. Ֆարիտ Խազէնին։

Նորանշանակ դեսպանը նախքան Վատիկան մեկնիլը փափաքած էր այցելութիւն մը տալ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի Նորին Սրբութենէն տեղեակ դառնայ Վատիկանի կեցուածքը Միջին Արեւելքին, յատկապէս Լիբանանի նկատմամբ։ Հայրապետը քաջատեղեակ ըլլալով ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու յատկապէս Լիբանանի կացութեան, ամփոփ գիծերով ներկայացուց շրջանէն ներս ստեղծուած ընդհանուր պատկերը եւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուաւ քրիստոնեայ համայնքներուն, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան եւ ընդհանրապէս Լիբանանի նկատմամբ միջազգային համայնքին կեցուածքին մասին։

Յայտնենք, որ Դոկտ. Ֆարիտ եղած է նախկին երեսփոխան Մէթնի շրջանին, ինչպէս նաեւ ամերիկեան համալսարանէն ներս միջազգային օրէնքի ու քաղաքականութեան դասախօս։

More News