13 July, 2018

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒԶՈՂ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը» այժմէական նիւթին շուրջ, Հինգշաբթի, 12 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ շուրջ 40 անձերէ բաղկացած օտար համալսարանական ուսանողներու, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Դպրեվանքի սրահէն ներս։ Ուսանողները եկած էին Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի զանազան երկիրներէ, մասնակցելու երեք շաբաթներու վրայ տարածուած աստուածաբանական ու էքիւմէնիք կազմաւորման դասընթացքներու։

Շուրջ ժամ մը տեւած իր դասախօսութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ քրիստոնէութիւնը իր էութեամբ ու նպատակով ընկերութենէն հեռու ապրող ու վկայող կրօնք մը չէ։ Քրիստոս իր առաքելութիւնը իրագործեց ընկերութեան կեանքին մէջ՝ իր հոգեւոր թագաւորութեան արժէքներով կենսագործելու ընկերութեան կեանքը։ Նոր Կտակարանի բոլոր դէպքերուն, ուսուցումներուն ու առակներուն մէջ, ընկերութեան կեանքի երկնային արժէքներով պայծառակերպումը յստակօրէն կը պարզէ Քրիստոս առաքելութեան նպատակը։ Հետեւաբար, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ եկեղեցին ներկայ ընկերութիւնը յուզող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ չի՛ կրնար անտարբեր մնալ։ Աստուծոյ Որդին իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, այդ ժամանակներու տագնապներուն ու խնդիրներուն նկատմամբ, տեսակէտ ու կեցուածք ունեցաւ։ Այսօր եւս, Քրիստոսի խորհրդական մարմինը՝ եկեղեցին, նո՛յնը կոչուած է կատարել։ Եկեղեցին իրաւունք չունի հեռու մնալու ընկերութեան կեանքէն. եկեղեցին իրաւունք չունի որոշ տագնապներ ու խնդիրներ իրը նկատելու եւ ուրիշներ՝ ոչ իրը։ Մարդու փրկութիւնը ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ չէ. զայն պէտք է դիտել ու իրագործել մարդկութեան ուղղուած Քրիստոսի առաքելութեան լոյսին տակ։

Այս ընդհանուր ներածականէն ետք Հայրապետը իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցւոյ դիմագրաւած խնդիրներուն, եւ այդ ծիրէն ներս ընդգծեց եկեղեցին կառոյցէն անդին, որպէս ժողովուրդին ուղղուած առաքելութիւն ու ծառայութիւն իրագործելու հրամայականը։ Այս հրամայականէն մեկնելով, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ կարգ մը աշխատանքներու, որոնք անհրաժեշտ է որ եկեղեցիներ միասնաբար կատարեն որպէս անբաժան մասը իրենց Քրիստոսատուր վկայութեան։

Դասախօսութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Յայտնենք, որ դասախօսական հաւաքին սկիզբը սեմինարին տնօրէնը խօսք առնելով՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հայրապետը ընդառաջած է իրենց փափաքին դասախօսութիւն մը տալու։ Ան անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան հարուստ փորձառութեան՝ աստուածաբանական ու միջ-եկեղեցական բնագաւառներէն ներս։ Յանուն ուսանողութեան նաեւ խօսք առաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամներէն՝ Կարէն Արապկիրլեան եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան հարստացուցիչ դասախօսութեան համար։

More News