5 July, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՊՔԷՐՔԷՅԻ ՄԷՋ

5 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պքէրքէյի մէջ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաայի, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. եւ ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եունան պատրիարքներուն։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մասին ու յատկապէս յառաջիկայ օրերու Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպումին, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

 

Երէկ երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Դոկտ. Թուֆիք Պաաքլինին, որ նախաձեռնողն է Ուաշինկթընի մէջ «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» շարժումին։ Ան Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք համագումարին, որ նուիրուած է կրօնական ազատութեան առնչուած հարցերու քննարկման։

More News