3 July, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 2 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան նախագահ՝ Ֆրանսուա Ասելինոյին։ Ֆրանսացի քաղաքագէտը, որ նաեւ նախագահական թեկնածու էր Ֆրանսայի վերջին նախագահական ընտրութիւններուն, Լիբանան այցելած էր մօտէն տեղեակ ըլլալու Լիբանանի կացութեան եւ արժեւորելու Ֆրանսայի դերակատարութիւնը ընդհանրապէս շրջանէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս։

 

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ Նորին Սրբութեան եւ Ասելինոյի միջեւ տեսակէտներու փոխանակման վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ։ Արդարեւ, Հայրապետը շեշտեց շրջանէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս Ֆրանսայի դերակատարութիւնը վերահաստատելու հրամայականը, նկատի ունենալով Ֆրանսային նկատմամբ շրջանի երկիրներուն ունեցած յարգանքն ու վստահութիւնը։ Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ յարգելի հիւրը ցաւ յայտնեցին ֆրանսական մշակոյթին ու լեզուին նահանջին գծով եւ շեշտեցին «ֆրոնքոֆոն»ի ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ այս գծով ծրագիրներ մշակելու։