3 July, 2018

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ԺՈՂՈՎԸ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան քառօրեայ ժողովին բացումը։

 

Վեհափառ Հայրապետը բացման նիստին դասախօսեց միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ իր ունեցած փորձառութեան եւ ներկայիս անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը թէ՛ տեղական եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ գործունէութիւն ունեցող իրողութիւն մըն է, որ սոսկ ժողովներու ու ակադեմական ոլորտին չի պատկանիր, այլ նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունի ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Հայրապետը ապա չորս կէտերու մէջ ամփոփեց միջ-եկեղեցական շարժումին յատկանշական երեսները, որոնք Աւետարանական արժէքները կը փորձեն կենսագործել տարբեր միջոցներով։ Ան յայտնեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը կը յիշեցնէ, որ բոլորս ալ կը պատկանինք մէկ Աստուծոյ եւ թէ բոլոր տարբերութիւնները կը վերանան Քրիստոսի հովանիին ներքեւ։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը մանրամասն անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական աշխարհի մարտահրաւէրներուն, որոնք յառաջ կու գան ընկերային, մշակութային ու քաղաքական վիճակներէ, եւ եզրափակեց իր խօսքը՝ նշելով, որ միջ-եկեղեցական շարժումը չի կրնար գոյատեւել առանց տեսլականի, որ կը կայանայ եկեղեցիներու միասնութեան մէջ։

 

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, որուն ընթացքին ժողովականները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու Վեհափառ Հայրապետին։  

 

Նշենք, որ Իրանի հայոց երեք թեմերը անդամ են Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Հոնգ Քոնկի մէջ, իսկ յիշեալ ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն կը մասնակցի Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան։

 

Յայտնենք, որ ժողովին բացման նիստին իրենց բարի գալուստի խօսքերը արտասանեցին Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիանա Թանա, Խորհուրդի ընդահանուր քարտուղար՝ Դոկտ. Մաթիու Ճորճ Չունագարա, իսկ ժողովին ներկայ էին Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան աւելի քան 20 անդամները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի։ Ընդհանուր քարտուղարը մօտէն ճանչնալով Նորին Սրբութիւնը, իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ անոր բերած մեծ նպաստին միջ-եկեղեցական շարժումին։

More News