30 Հունիսի, 2018

ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի յետ միջօրէին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս բացումը պիտի կատարուի Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովին։ Վեհափառ Հայրապետը բացման նիստին պիտի դասախօսէ միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Յիշեալ ժողովին կը մասնակցի Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան։ Նշենք, որ Իրանի հայոց երեք թեմերը անդամ են Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Հոնգ Քոնկի մէջ։

More News