30 June, 2018

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

15-էն 22 Յունիս 2018-ին, Զուիցերիոյ Ժընեւ եւ Պօսէ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) Կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին նշուեցաւ ԵՀԽ-ին 70-ամեակը եւ ճշդուեցաւ Խորհուրդին 11-րդ համաժողովի թեման ու վայրը։ Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Զուիցերիոյ մէջ մեր Ս. Աթոռին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Թենի Սիմոնեան եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջին Արեւելքի պատասխանատու՝ Տիկ. Գարլա Խիճոյեան։

 

Համաժողովին նիստերէն մէկը նուիրուած էր ԵՀԽ-ին պատմութեան, գործունէութեան եւ կարեւորագոյն փուլերուն։ Այս առիթով ցուցադրուած վաւերագրական ժապաւէնը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ունեցած կարեւոր ներդրումին եւ դերակատարութեան ԵՀԽ կեանքէն ներս։ Նշենք, որ Նորին Սրբութիւնը առաջին երիտասարդ, Ուղղափառ եւ վերընտրուած ատենապետը եղած է ԵՀԽ-ի պատմութեան մէջ։

 

Համաժողովը իր նիստերը աւարտեց 22 Յունիսին. նոյն օրը Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւն մը տուաւ ԵՀԽ կեդրոնը։

 

More News